
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լաս Վեկաս Ռիվիու».- Կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Երկուշաբթի, Յունիս 15ի գիշերը, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց 98ամեայ յայտնի գործարար, Հայաստանի ու ընդհանրապէս հայութեան համար բազմաթիւ մեծ բարեգործութիւններ կատարած, Ազգային Հերոսի շքանշան ստացած միլիառատէր Գըրք Գըրգորեան:
Լաս Վեկաս քաղաքի նոր դիմագիծի յառաջացման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած հայ միլիառատէրը, որ Յունիս 6ին 98 տարեկան դարձած էր, գլխաւոր բաժնետէրն էր «Էմ.Ճի.Էմ. Ռիզորց»ին, զոր հիմնած էր 1990ականներու սկիզբը։
Ան ներդրումներ կատարած է շարք մը այլ մարզերու մէջ եւս, ներառեալ՝ օդանաւային ճամբորդութեան, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի («Քրայզլըր» եւ «Ճի.Էմ.») եւ շարժապատկերներու արտադրութեան (MGM/United Artists), սակայն անոր ուշադրութեան կեդրոնին եղած են Լաս Վեկաս խաղատուներն եւ պանդոկները ու իր նուիրումին շնորհիւ քաղաքը դարձած է միջազգային զբօսաշրջութեան գլխաւոր վայրերէն մէկը։
Ան ունի երկեւ զաւակներ՝ Թրէյսի Գըրգորեան եւ Լինտա Ռաս Հիլթըն Քեմփըր եւ 3 թոռնիկներ։
Գըրք Գըրգորեան ծնած է Ֆրեզնօ ու ընտանիքին հետ Լոս Անճելըս փոխադրուած է 1922ին ու պայմաններու բերումով, 9 տարեկանին սկսած է թաղերու անկիւններուն թերթ ծախելու, ապա դարձած է բռնցքամարտիկ։ Այս համեստ պայմաններէն ան բարձրացած է միլիառատէրներու մակարդակին եւ իր մահուան օրերուն իր հակակշիռին տակ գտնուող հարստութիւնը՝ մօտաւորապէս 4 միլիառ տոլար, զինք դասած է յաջորդաբար 130րդը եւ 393ը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի ամենահարուստ անձնաւորութեանց ցանկերուն մէջ։
Գըրգորեանի «Թրասինտա» ընկերութիւնը, որուն անունը կազմուած է իր դուստրերու անուններուն առաջին գիրերով, «Էմ.Ճի.Էմ»ի բաժնետոմսերուն 18.6 տոկոսին սեփականատէրն է։
Ան վերջին տարիներուն աստիճանաբար նուզեցուցած էր իր բաժնետոմսերուն համեմատութիւնը եւ հեռացած էր ընկերութեան ամէնօրեայ վարչական աշխատանքէն՝ ստանձելով գլխաւոր խորհրդականի պաշտօն։