ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հեսթըրթին մեղադրանք առաջադրուեցաւ դաշնակցային դատախազներու կողմէ.
1. Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյին (FBI) ստելու պատճառաւ, թէ ինչու տարբեր դրամատուներէ շուրջ 1.7 միլիոն տոլար հանած է վերջին չորս տարուան ընթացքին.
2. Դրամատուներու կողմէ մեծ եւ կանխիկ գործարքներու համար պահանջուող հաշուետուութիւններէն խուսափելուն պատճառաւ:
Այս մեղադրանքներէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնայ առաւելագոյն հինգ տարուան բանտարկութիւն եւ 250 հազար տոլարի տուգանք:
Ըստ ներկայացուած մեղադրանքին՝ Հեսթըրթ 2010ին գաղտնի հանդիպում ունեցած է իր նախկին ուսանողներէն մէկուն հետ եւ համաձայնած է անոր վճարել 3.5 միլիոն տոլար, որպէսզի ան լռութիւն պահէ իր «անցեալի վատ արարքին» համար, երբ ան ըմբշամարտի մարզիչ էր Իլինոյի Եորքվիլ դպրոցին մէջ, 1965-1981 թուականներուն: 73ամեայ Հեսթըրթ այդ հանդիպումէն սկսեալ անոր վճարած է 1.7 միլիոն տոլար՝ սկիզբը 50 հազարական տոլար հանելով միաժամանակ քանի մը դրամատուներէ, իսկ հետագային դրամատան պաշտօնեաներու կասկածանքին պատճառով կրճատելով զանոնք մինչեւ 10 հազարական տոլարի՝ դրամատնային հաշուետուութեան պահանջներէն խուսափելու համար:
2014ի Դեկտեմբերին, երբ FBI-ը անոր հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ այդպիսի մեծ գումարներ վերցուցած է դրամատուներէն, Հեսթըրթ «էապէս սխալ, կեղծ եւ խաբուսիկ յայտարարութիւններ» ըրած է՝ ըստ դաշնակցային դատախազներու: Ըստ տարբեր լրատուական աղբիւրներու՝ Հեսթըրթ այս գումարները վճարած է իր նախկին ուսանողին՝ տասնամեակներ առաջ անոր նկատմամբ թոյլ տրուած սեռական ոտնձգութիւնները թաքցնելու նպատակով:
Հեսթըրթի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները յատկապէս կը հետաքրքրեն ամերիկահայ համայնքը, քանի որ անցեալին ան մեղադրուած էր, որ մեծ չափերու հասնող կաշառքներ ստացած է թրքական կառոյցներէ, Ներկայացուցիչներու տան նախագահի պաշտօնին վրայ եղած ժամանակ՝ 1999-2007 թուականներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու համար: Այս մեղադրանքները երբեք լիարժէքօրէն չեն հետաքննուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Քոնկրեսէն հեռանալէն ետք Հեսթըրթ աշխատեցաւ Տիքշթայն Շեփիրոյի մօտ, Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ լոպիիստ Թուրքիոյ եւ այլ յաճախորդներու համար:
Քոնկրեսական Հեսթըրթ իր քաղաքական ասպարէզի սկիզբը զարմանալիօրէն մեծապէս սատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: 1984ի Ապրիլ 19ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ ան ելոյթ ունեցաւ ի նպաստ Քոնկրեսի ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: 1996ի Յունիս 5ին ան կողմ քուէարկեց օրէնքի մը փոփոխութեան, որմով պիտի կասեցուէր Թուրքիոյ տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը, քանի որ դեռ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, 2000ի Օգոստոսին նախագահ Հեսթըրթ հանդիպեցաւ Կլենտէյլի հայ համայնքի ղեկավարներու հետ՝ խոստանալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը դնել քուէարկութեան՝ հակառակ նախագահ Քլինթընի խիստ առարկութեան:
Սակայն, 2000ի Հոկտեմբեր 19ին, Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ, Հեսթըրթ օրինագիծը հանեց քննարկումէն՝ արդարանալով, որ նախագահ Քլինթըն իրեն նամակ ուղարկած է՝ «ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ» բարձրացնելով: Ինչպէ՞ս է, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահը, որ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ կտրականապէս դէմ էր դեմոկրատ նախագահին եւ կ՛աջակցէր անոր պաշտօնազրկման (իմփիչմընթին), յանկարծ որոշեց համաձայնիլ անոր հետ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը մերժելուն վերաբերեալ: Չորս օր ետք թրքական «Սապահ» թերթը հաղորդեց, որ Հեսթըրթ համաձայնած էր խափանել բանաձեւը, եթէ նախագահ Քլինթընը իրեն գրաւոր խնդրագիր ներկայացնէր:
Կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ աւելի ձախող պատճառ, որ մղէ նախագահ Հեսթըրթը յանկարծ փոխելու իր վերաբերումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ:
«Վենիթի Ֆեր» ամսագիրը 2005ի իր սեպտեմբերեան թիւին մէջ բացայայտեց, որ FBI-ի նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմընտզ զննած էր գաղտնաբար ձայնագրուած թրքական հեռաձայնային զրոյցները, որոնք կը հաստատէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը կանխելու համար նախագահ Հեսթըրթ գանձած է առնուազն 500 հազար տոլար: FBI-ը գաղտնալսած է թուրք զրուցակիցները, որոնք հպարտացած են, թէ ինչպէ՛ս «Հեսթըրթի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին կազմակերպած է տասնեակ հազարաւոր տոլարներու վճարումները փոքր չեքերով», որովհետեւ 200 տոլարէն պակաս նուիրատուութիւններու համար յայտարարագիրներ չէին պահանջուեր: «Վենիթի Ֆեր»ի կողմէ նախագահ Հեսթըրթի 1996-2002 դաշնակցային փաստաթուղթերու քննութիւնը ցոյց տուած է, որ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին ան ստացած է շուրջ 500 հազար տոլարի չյայտարարագրուած վճարումներ:
Ապշեցուցիչ է, որ Էտմընտզի լուրջ մեղադրանքները հետաքննելու փոխարէն՝ FBI-ը պաշտօնէն հեռացուց զինք, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը անոր թոյլ չտուաւ վկայութիւն տալու ո՛չ Քոնկրեսի եւ ո՛չ ալ դատարանին մէջ՝ «պետական գաղտնիքի առանձաշնորհման» օրէնքի պատրուակով:
Զարմանալի չէ, որ նախագահ Հեսթըրթի այցերը Թուրքիա 2002 եւ 2004 թուականներուն ֆինանսաւորուած էին Թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդին կողմէ: Ուստի, 2004ի Յուլիսին Հեսթըրթ հանդէս եկաւ կոշտ յայտարարութեամբ՝ խոստանալով խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետագայ բոլոր բանաձեւերը. խոստում մը, որ ան պահեց մինչեւ Ներկայացուցիչներու տունէն իր հեռանալը, 2007ի Նոյեմբերին…
Հետաքրքրական է, որ Հեսթըրթի անձնական հարստութիւնը աճեցաւ 270 հազար տոլարէն մինչեւ 17 միլիոն տոլարի, Քոնկրեսի մէջ երկու տասնամեակ ծառայելուն ընթացքին, այն պարագային, երբ անոր աշխատավարձը եղած է տարեկան 175 հազար տոլար… Ուրկէ՞ անոր այդ միլիոնները…
Ներկայացուցիչներու տունէն հեռանալէն վեց ամիս անց, Հեսթըրթ սկսաւ օգուտ քաղել Քոնկրեսին մէջ թրքական շահերուն ծառայելէ՝ միանալով Տիքշթայն Շափիրոյի ընկերութեան իբրեւ լոպիիստ՝ ներկայացնելով թրքական կառավարութիւնը, ի թիւս այլ յաճախորդներու: Ան համատեղ աշխատեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեփհարտթի հետ, երբեմն միասին ճանապարհորդելով Թուրքիա եւ միլիոնաւոր տոլարներ կիսուելով շահաւէտ լոպիիստական վճարումներէն: Նախորդ շաբաթ, դաշնակցային մեղադրանքէն անմիջապէս ետք, Հեսթըրթ հեռացաւ լոպիիստական ընկերութենէն:
Այժմ, պէտք է լիարժէք հետաքննութիւն իրականացուի Հեսթըրթի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքներով, որոնք շատոնց անտեսուած էին: Ամերիկեան հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, թէ ան կաշառուա՞ծ է կամ աւելի վատ՝ շանթաժի ենթարկուա՞ծ է թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ, երբ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ էր, որ երրորդ հզօրագոյն պաշտօնն է Ուաշինկթընի մէջ, նախագահէն եւ փոխնախագահէն ետք…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը