Երեքշաբթի, Յունիս 2ին, Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ ծերակուտականներ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Նորա Արուշեան բացման խօսքով հակիրճ պատմականը կատարեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման:
Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հրաշքի համազօր էր այն իրողութիւնը, որ ի սպառ բնաջնջման եզրին գտնուող ժողովուրդի մը վերջին խլեակները ծառանան եւ փոխեն պատմութեան ընթացքը՝ կերտելով անկախ հայրենիք: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի խորհրդարանին՝ Ապրիլ 24ը Քանատայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու առիթով:
Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հերոլտ Ալպրեխթ յայտնեց, թէ Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան, անդրադարձած է հայ ժողովուրդին մէջ անթեղուած վերապրելու կամքին:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ Դատի գծով ծաւալող զարգացումները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: