ՔԵՊԵՔ, «Հորիզոն».- Յունիս 1ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Քեպեք նահանգի միջ-կառավարական հարցերու նախարար Ժան Մարք Ֆուռնիէի հետ:
Հանդիպման ընթացքին յատկապէս արծարծուեցաւ Հայաստանի եւ Քեպեք նաահանգի առեւտրական կապերն ու փոխյարաբերութիւնները զարգացնելու հարցը: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մոնթրէալ-Երեւան եւ Լավալ-Գիւմրի քոյր քաղաքներու կապերը աւելի ամրապնդելու առնչութեամբ: Հանդիպման ներկայ էր Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վարանդ Եափուճեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.