Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը կը փոխանցէ. «Խոր ցաւով իմացանք, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 26ին, դժբախտ արկածի մը զոհ գացած է Մարսէյի «Արամ» ընկերակցութեան նախագահ Վարուժան Արթէն: Ըստ մեզի հասած լուրերուն, Վ. Արթէն մահացու կերպով ինկած է շինութենէ մը, որուն կառուցման համար կ՛օգնէր իր բարեկամներուն»:
«Նոր Յառա»ջ կը յայտնէ, թէ «Հայ Դատի անխոնջ զինուորեալ Վ. Արթէն քանի մը տարիէ ի վեր ստանձնած էր իր հօր՝ Կարպիս Արթէնի մահէն ետք, անոր հիմնած Հայկական յուշագրութեան հետազօտութեան եւ արխիւացման «Արամ» ընկերակցութեան ատենապետի պաշտօնը: Վերջին տարիներուն իր տարած վիթխարի աշխատանքին շնորհիւ ընկերակցութիւնը այլ տարողութիւն մը ստացած էր եւ կարեւոր տեղ գրաւած ֆրանսահայ համայնքի ազգային համայնապատկերին մէ»ջ:
«Վարուժան Արթէնի յատկապէս կը պարտինք իր վարած կառոյցին արդի արհեստագիտութիւններով օժտումը: Իր ջանքերով էր, որ «Արամ» թուայնացման աշխատանքներու ձեռնարկելով՝ պատմական արժէք ներկայացնող տպագիր եւ այլ բազմաթիւ վաւերագրական նիւթեր, ի մէջ այլոց, առաջ «Յառա»ջ օրաթերթի հաւաքածոները ստոյգ կորուստէ փրկած էր եւ կը շարունակէ փրկել:
Երկար տարիներու վարանումէ ետք, վերջերս ան իր տիկնոջ հետ գացած էր Արեւմտեան Հայաստան՝ իր պապերուն հետքերով, շնչելու անոնց շնչած օդը: Այդ «ուխտագնացութեան» առթիւ վաւերագրական ժապաւէն մըն ալ նկարահանուած էր, որ քանի մը շաբաթ առաջ, Ապրիլեան հարիւրամեակի նշումներու ծիրէն ներս սփռուեցաւ ֆրանսական հեռատեսիլէն», կը գրէ «Նոր Յառաջ»: