ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի բանաստեղծական գործերն ու գծագրութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, Հայ կանանց միջազգային միութիւնը ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 21ի երեկոյեան:
«Ես Կամ» խորագրուած ցուցահանդէսը, որ բաց մնաց մինչեւ Մայիս 30, տեղի ունեցաւ «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ, լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Սիրուն Երէցեանի բարեսիրական գործունէութիւնը։
Բացման արարողութեան ընթացքին Սիրուն Երէցեանի արուեստին մասին ելոթներ ունեցան Հայ կանանց միջազգային միութեան նախագահ Սիլվա Խաչիկեան, Սիրուն Երէցեանի գործակից Հերի Մեսրոպեան, իսկ Սիրունի զաւակը՝ Առնօն, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն։ Առնօ նաեւ ներկաներուն հետ կիսեց իր յուշերը ու կարդաց իր մօր գրած շնորհաւորական իւրայատուկ նամակը։ Նկատի ունենալով, որ իր մարմինը անշարժացուցած հիւանդութիւնը Սիրունէն խլած էր ձեռքով գրելու կարողութիւնը, ան նամակը գրած էր «Տայնավոքս» կոչուող սարքով, որ կարելիութիւն կ՛ընծայէ աչքով գրելու եւ հաղորդակցելու։
Աւարտին, ներկաները ստացան Սիրուն Երէցեանի ստեղծագործութեանց կրկնօրինակներէն եւ անոր եղբօր՝ Պերճ Վասիլեանի հեղինակած «Անվեհեր Աղաւնին» հատորէն օրինակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.