ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Business Insider» կայքի աւստրալիական տարբերակը ներկայացուցած է Եւրոպայի զբօսաշրջութեան լաւագոյն վայրերէն քանի մը հատը, որոնք մինչեւ հիմա շատերու համար անյայտ են:
Թաքնուած մարգարիտներու իր ցանկին մէջ կայքը ներառած է 16 վայր: Այդ վայրերու շարքին կայքը ներկայացուցած է Տաթեւի վանքը:
«Հայաստանի Տաթեւ գիւղին մօտ կը գտնուի 9րդ դարու Տաթեւի վանքը: Անհաւատալիօրէն լաւ պահպանուած այս վանքէն հիասքանչ տեսարաններ կը բացուին», ըսուած է կայքի՝ լուսանկարներով հրապարակման մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.