ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նիուզ».- «Ֆլաման նոր դաշինք» պելճիքական կուսակցութեան պատգամաւոր Փեթեր Տը Ռովեր յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի մասին բանաձեւը արդէն պատրաստ է: Պելճիքայի La Libre թերթին համաձայն՝ պատգամաւորը Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ աւելի մեծ փոխըմբռնման հասնելու նպատակով, ան թէ՛ մեծամասնութեան եւ թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ստորագրութեան ներկայացուցած է այս փաստաթուղթը:
«Ես կը ցանկամ կոչ ընել Թուրքիոյ, որ ընդունի յիշատակի կարեւորութիւնը, որպէսզի յետագային անցեալի հետ հաշտուելու ջանքեր ի գործ դրուին: Յոյս ունիմ, որ այս բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը ստանայ Ներկայացուցիչներու պալատէն», ըսած է ան:
Այդուհանդերձ, ինչպէս կը գրէ LAvenir-ը, կանաչներու ներկայացուցիչները առաջարկած են փոփոխութիւններ կատարել «Ֆլաման նոր դաշինք» մեծամասնութեան ներկայացուած առաջարկին մէջ, քանի որ բանաձեւի նախագիծը բացայայտօրէն չի պահանջեր, որ Պելճիքայի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 2015ը կը նշանանաւորուի որպէս Օսմանեան կայսրութէան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Կը յիշատակուի նաեւ, 1998ին, Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը: Նախագիծը կոչ կ՛ընէ կառավարութեան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ հայ զոհերու յիշատակին, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, դատապարտելու մարդկութեան դէմ բոլոր յանցագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները եւ վճռականօրէն մերժելու ժխտման բոլոր փորձերը:
Բանաձեւը, նաեւ, բոլոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու զոհերուն յիշատակը յարգելու կոչ կ՛ընէ:
Նոյն բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութենէն օգտուի:
«Պէտք է վերջ տալ մանր քաղաքական խաղերուն: Պելճիքայի կառավարութիւնը պէտք է հնարաւորինս շուտ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւի նախագծին մէջ այդ պահանջը մշուշոտ է, այնպէս որ անիկա տարբեր ընկալումներու առիթ կու տայ: Ճիշդ այդ պատճառով մենք կ՛առաջարկենք փոփոխութիւններ մտցնել՝ նպատակ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յստակ կոչ ընել կառավարութեան», ըսած է «Էքօլօ» կուսակցութեան պատգամաւոր Պենուա Հելինկզ:
La Libre-ը փոխանցած է նաեւ «Մարդասիրական ժողովրդավարական կեդրոն» կուսակցութեան պատգմաւոր Ժորժ Տալմանի այն կարծիքը, թէ մեծամասնութեան նախագիծը կը վկայէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ քաղաքական համարձակութեան բացակայութեան մասին:
Le Soir-ի տեղեկութիւններով, բանաձեւը հաւանաբար քննարկման ներկայացուի նախքան խորհրդարանական արձակուրդները եւ հետեւաբար՝ յանձնաժողովի քուէարկութեան կրնայ դրուիլ միայն արձակուրդներէն երք, իսկ քուէարկութիւնը այս տարուան վերջաւորութեան կամ գալ տարուան սկիզբը կրնայ կայանալ:
Տալման հարցականի տակ կը դնէ այդ երկար ժամկէտը, քանի որ խնդիրը պարզ է եւ պատմաբանները շատոնց այդ մասին յստակ կարծիք յայտնած են: