ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբը այս շաբաթ պիտի սկսի քննելու 2016 տարեշրջանի յատկացումներու բանաձեւը, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի յատկացուելիք օժանդակութեանց քանակը:
Կ՛ակնկալուի, որ քննարկումը սկսի Յունիս 3ին, Քալիֆորնիոյ ժամով ժամը 7։30ին։ Քննարկումին կարելի է հետեւիլ՝ http://appropriations.house.gov/calendar/eventsingle.aspx?EventID=394225 կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումը աշխատանք կը տանի Արցախին եւ Հայաստանին տրուելիք օգնութիւնը առաւելագոյնին հասցնելու նպատակով։
Մինչեւ քննարկումին սկիզբը կարելի չէ յստակ իմանալ, թէ յատկացուող օգնութիւնը որքա՞ն պիտի ըլլայ, սակայն Հայ Դատի յանձնախումը կոչ կ՛ընէ, որ Արցախին տրամադրուող նպաստը առնուազն 5 միլիոն տոլար ըլլայ, իսկ Հայաստանի առնուազն 40 միլիոն տոլար: Միաժամանակ ջանք կը տարուի նուզագոյնի իջեցնելու Ատրպէյճանի տրամադրուելիք ռազմական օգնութիւնը, քանի, որ այդ երկիրը կը շարունակէ ռազմական սպառնալիքներ ներկայացնել ամբողջ տարածաշրջանին համար:
Վրաստանի յատկացուելիք օգնութեան մասով, Հայ Դատի յանձնախմբը յոյս ունի, որ այդ օգնութեան շուրջ 10 տոկոսը կը յատկացուի հայաբնակ Սամցխէ-Ջավախքի շրջանին՝ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու նպատակով: Կը նախատեսուի նաեւ օժանդակութիւն ապահովել սուրիահայ գաղթականներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կոչ կ՛ընէ դիմելու քոնկրեսականներուն, որպէսզի անոնք նեցուկ կանգնին Հայ Դատի առաջարկներուն։ Այս նպատակով նամակներ յղելու համար այցելել՝
http://cqrcengage.com/anca/app/write-a-letter?0&engagementId=84993
կայքէջը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան արդէն ելոյթ մը ունեցած է նշեալ ենթայանձնախումբին առջեւ՝ շեշտելով Հայ Դատի յանձնախումբի նախապատուութեանց կարեւորութիւնը։ Վկայութիւնը դիտելու համար այցելել՝ https://youtu.be/ZjkqKQwcgi8 կայքէջը։