ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ
ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40 ամեակն ու Մայրերու Օրը արժանավայել շուքով միասին տօնելու գնահատելի գաղափարը յղացած էր: Առ այդ, Կիրակի Մայիս 10ի յետմիջօրէին, Փասատինայի «Նուր» ճաշասրահը լեցուած էր ե՛ւ մասնաճիւղի ընկերուհիներով ե՛ւ համակիրներով. ներկայ էին նաեւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհիներ Մարալ Մաթոսեան եւ Պէքի Պէրպէրեան եւ դիւանի անդամ Ռիթա Հինթլեան, նաեւ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան անդամ Թինա Միթիլեան:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Ղարիպեան Գալեմքէրեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ վեր առաւ ՀՕՄն ու ՀՕՄուհիի անմնացորդ նուիրումը իր եզակի սրբազան առաքելութեան մէջ, յատկապէս «Սօսէ» մասնաճիւղը, որ Սօսէ Մայրիկի գաղափարականով սնած՝ 40 տարի լաւագոյնս արդարացուցած է իր գոյութեան նպատակը, շնորհիւ ընկերուհիներու անսակարկ ծառայութեան:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան օրհնեց ճաշասեղանները եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի անունով շնորհաւորեց ՀՕՄի վեթերան ընկերուհիները, գնահատեց յատկապէս «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները, «սուրբ գործ» որակելով իրենց ծառայութիւնը։ Ան մաղթեց, որ մեզմէ յաւերժ հեռացած ընկերուհիներուն յիշատակը անթառամ մնայ եւ ՀՕՄի ծառայութեան մշտավառ ջահը փոխանցուի յետնորդ սերունդներուն:
Իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր։ Լիւսի Փայլան իր հնչեղ եւ դիւթիչ ձայնով մեկնաբանեց «Ռոմիօ եւ Ժիւլիէ»չ օփերայէն «Ժիւլիէթ Ուոլց»ը, Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդ»ը եւ Արտեմ Այվազեանի «Երեւան»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր մօր՝ Սիրարփի Զիրէքեանցի:
Տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս զանազան բնագաւառներէն ներս «Սօսէ»ի գործունէութիւնը ցոլացնող տեսաերիզի ցուցադրութիւն՝ սկսելով Սօսէ Մայրիկի պատկերով, ապա մասնաճիւղի առաջին ատենապետուհի՝ Տիգրանուհի Տէրտէրեանի:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան Սէթեան նշեց, թէ մասնաճիւղը իր բազմաբնոյթ գործունէութեան առընթեր, հիմնական նպատակ ունեցած է «Սօսէ» վարժարանի ա-ռաքելութեան զարկ տալ, ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն եւ կերտել հայ ու ինքնատիպ նկարագիր. ընկերուհին նշեց նաեւ, թէ վարչութիւնը ամէն տարի օտար երկրորդական վարժարան յաճախող երկու գերազանց աշակերտներ կը գնահատէ, որպէս գնահատանք եւ խթան հանդիսացող երեւոյթ։ Հետաքրքիր էր իմանալ, թէ «Սօսէ»ի որպէս քոյր մասնաճիւղ ընդունուած է Հայաստանի «Վանաձոր» մասնաճիւղը: Շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ էր լսել յառաջացած տարիքի ընկերուհիներու վկայութիւններն ու սրտի խօսքերը ու զգալ իրենց խնդակցութիւնն ու ՀՕՄի մեծ ընտանիքին պատկանելու հպարտութիւնը, բայց մանաւանդ տարիներու ծառայութեան առթած գոհունակութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն. խումբ մը ընկերուհիներ իրենց ազնիւ մասնակցութիւնը բերին 40ամեակը խորհրդանշող մոմերու վառման, որոնցմէ ոմանք իրենց մոմերը վառեցին քանի մը հանգուցեալ ընկերուհիներու յիշատակին: Իսկապէս պահը յուզիչ եւ հոգեպարար էր։ Ներկաները յուզախառն ուրախութեամբ ողջունեցին մոմավառ ընկերուհիները, որոնք սատար կը հանդիսանան մասնաճիւղի բարեսիրական եւ այլ ծրագիրներու իրագործման:
Հրաւիրուեցաւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհի Մարալ Մաթոսեան, փոխանցելու Շրջանային վարչութեան խօսքը: Ընկերուհին առաջին հերթին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ նշելով, թէ օրը տօնական մեծ օր է։ «Այսօր գեղեցիկ ու պանծալի էջ մը կը բացուի 105ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ ՀՕՄի տարեգրութեան մէջ։ Մայրերու օր եւ 40ամեակ: 1974ին քանի մը նուիրեալ ընկերուհիներու ջանքերով ծն-ունդ առած «Սօսէ» մասնաճիւղը, օրուան հրամայականներուն ականջալուր եւ իրազեկ ընդարձակեց իր գործունէութեան դաշտը, Սօսէ Մայրիկի տեսլականով ուռճացաւ, եւ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեց զանազան մակարդակներու վրայ: Աւելի քան մէկ դար իր ժողովուրդին ծառայելու կոչուած ՀՕՄը ապրեցաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ հայ կեանքի կշռոյթով, հաստատաքայլ ու յաղթական ընթանալու դէպի դարերը», ըսաւ ան: Ընկերուհին, որ «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ է, հայ կնոջ վայել հպարտութեամբ վերարժեւորեց հայ կինը, ՀՕՄուհին եւ հայ մայրը՝ մեր պատմութեան ընթացքին օրինակելի առաքինի վարքագիծով. ապա շնորհաւորեց բոլոր հայ մայրերը, բիւր յարգանք ընծայելով անոնց եւ անխափան երթ մաղթեց մասնաճիւղին:
Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհի եւ «Սօսէ» մասնաճիւղի կապ Պէքի Պէրպէրեան Շրջանային վարչութեան անունով, մասնաճիւղին 40ամեայ բեղուն գործունէութեան որպէս արժեւորում, գնահատագիր յանձնեց Կարինէ Բարիկեան Սէթեանին, որ իր կարգին, յուզախառն ուրախութեամբ մասնաճիւղի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պէքի Պէրպէրեանին եւ Շրջանային վարչութեան, աւելցնելով, թէ գնահատականները «առաւել եւս կը պարտաւորեցնեն մեզ կրկնապատկելու մեր ջանքերը եւ կեդրոնացնելու մեր ուժերը՝ մեր գերնպատակներու իրագործման»:
Թամար Ուրիշեան ընթերցեց Փասատինայի քաղաքապետ Թերի Թորնեքի եւ նահանգային ծերակուտական Քերըլ Լիուի կողմէ «Սօսէ» մասնաճիւղին յղուած գնահատագիրները: Իսկապէս հպարտառիթ երեւոյթ է արժանանալ նման գնահատագիրներու: Պատիւ արժանաւորաց։
Լիւսի Փայլան դարձեալ հանդէս եկաւ, ջութակով ներկայացնելով Վիվալտիի «Four Seasons»էն «Summer» նուագը, Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ մեկնաբանեց Առնօ Պապաջանեանի «Վոքալիզ»ը։ Տեղի ունեցաւ արցախեան ձեռագործ գորգի վիճակահանութեան վաճառք:
Կարինէ Բարիկեան Սէթեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, բնութագրելով հայ մայրը որպէս ընտանիքի լոյսը, սիւնը, յոյսի ներշնչման աղբիւրը եւ ընտանեկան օճախը վառ ու կենդանի պահող շունչը։ Ապա բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ ընկերուհիներ Ժանէթ Տէրտէրեանը, Ալիս Թոքաթլեանը եւ Մայտա Պեհեսնիլեանը, որպէս «Տարուան Մայր»եր, յիշեց իւրաքանչիւրին բարեմասնութիւններն ու նուիրեալ ծառայութիւնը եւ գնահատագիրներ փոխանցեց անոնց. ընկերուհիները զգացուած շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն բարեպատեհ առիթին համար:
Ապա հրաւիրուեցաւ 53 տարուան ՀՕՄուհի Պերճուհի Ճինպաշեանը՝ ստանալու գնահատագիր բազմամեայ ծառայութեան եւ մասնաճիւղի աշխատանքներուն գործօն մասնակցութեան համար: Ընկերուհին ոգեւորուած շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ասմունքեց «Ուխտ Արարատին» քերթուածը:
Կարինէ Բարիկեան Սէթեան նաեւ անդրադարձաւ յատկապէս այս օրերուս հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան, երբ հայ նկարագիրի խոտոր բարքեր եւ երեւոյթներ կը խաթարեն մեր ինքնութիւնը, ընդգծելով մանուկ հասակին դաստիարակութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը, ապա հրաւիրեց Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկապարտէզի հիմնադիր, բազմամեայ վաստակաշատ մանկավարժ Հելէն Մանուչարեանը, յիշելով անոր բարեմասնութիւնները եւ մասնաճիւղի անունով գնահատագիր փոխանցեց անոր։ Հելէն Մանուչարեան զգացուած՝ շնորհակալութիւն յայտնեց, ողջունեց ներկաները, ջերմօրէն իր յարգանքն ու սէրը յայտնելով ՀՕՄուհիներուն։ Ան նաեւ «Սօսէ» մասնաճիւղին եւ ՀՕՄին դալար երթ մաղթեց:
Ատենապետուհին նաեւ հրաւիրեց վաստակաշատ ՀՕՄուհի Յասմիկ Տէրտէրեանը, շեշտելով մասնաճիւղի եւ 35ամեայ «Սօսէ» վարժարանի վերելքին մէջ անոր ունեցած գործօն դերակատարութիւնն ու նուիրեալ եւ անսակարկ ծառայութիւնը եւ մասնաճիւղին անունով գնահատագիր յանձնեց անոր։ Ընկերուհին զգացուած համեստութեամբ արտայայտուեցաւ, թէ ՀՕՄը համակ նուիրում եւ ծառայութիւն է, առանց ակնկալիքի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, ապա գնահատեց ընտանիքն ու ծնողքը, որոնք նեցուկ կանգնած են իրեն կատարելու սոյն նուիրական աշխատանքը:
Յայտագիրի վերջին բաժինով, Լիւսի Փայլան հանդէս եկաւ «Երազ», «Հայու Աչեր» եւ «Ծիծեռնակ» երգերով, ապա ջութակով ներկայացուց Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը, որ ոգեւորեց եւ յուզեց ներկաները՝ հայրենասիրական հարազատ զգացումներով, ջերմ ու հոգեպարար մթնոլորտի մէջ: Ատենապետուհին բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորեց Լիւսի Փայլան իր շնորհալի կատարողութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եւ մօր՝ Սիրարփի Զիրէքեանցի:
Այս պատմական ու յաղթական երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի երիցագոյն ընկերուհին՝ Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանը, հատելու 40ամեակի կարկանդակը։ Ընկերուհին դանդաղ եւ զգոյշ քայլերով յառաջացաւ, հատեց կարկանդակը, նորանոր յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն մաղթելով մասնաճիւղին:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք սատար հանդիսացան ձեռնարկի յաջողութեան:
Բարի ու դալար երթ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին: Դէպի բարձրագոյն նուաճումներ: