ԵՐԵՒԱՆ.– «Վիւասել-Էմ. Թի.Էս.»ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի (COAF) համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք բացումը կատարուած է եօթներորդ ստեղծագործարանին։
Նորարական արհեստագիտութիւններով՝ ելեկտրոնային գրատախտակով (սմարթ պորտ), ժամանակակից համակարգիչներով եւ շարժական յատուկ կահոյքով յագեցած դասարաններուն մէջ պիտի սորվին Արմաւիրի մարզի Գետաշէն գիւղի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները:
«Հայաստանի մանուկներ»ը կը ձգտի նորարար արհեստագիտութիւններու միջոցով դպրոցներուն մէջ խթանել ստեղծագործ մտածելակերպը: «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը՝ հաւատարիմ մնալով իր համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութեան, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է, որպէսզի երեխաները ունենան նորագոյն արհեստագիտութեամբ օժտուած կեդրոն։
«Երեխայի զարգացումը ձեւաւորւում է ընտանիքում եւ շարունակւում դպրոցում: Այս երկու միջավայրերը պէտք է լինեն այնքան նպաստաւոր ու հաճելի, որպէսզի երեխայի միտքն առողջ զարգանայ: Գեղեցիկ միջավայրը ստիպում է գեղեցիկ մտածել: Եթէ արագ տեմպերով զարգացող աշխարհում առաջնորդուենք միայն տեխնոլոգիաների մրցավազքով կը կորցնենք ստեղծագործելու կարեւոր ունակութիւնը: Չթերագնահատելով այդ երկուսի դերը՝ մենք խրախուսում ենք ստեղծագործ մօտեցումը նաեւ նորարար տեխնոլոգիաների միջոցով», նշած է «Վիւասել-Էմ. Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Անոյշ Եդիգարեան կարեւոր նկատած է ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ անհրաժեշտ եւ տրամադրող կրթական միջավայրի ապահովումը: «Արդիւնաւէտ այս համագործակցութեան արդիւնքում «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը եւ «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը եօթ ստեղծագործարան են բացել Հայաստանի տարբեր մարզերում: Կրթութիւնը կարեւոր հիմք է երեխաների կեանքի բարօրութեան, ինչպէս նաեւ որպէս անհատականութիւն՝ նրանց ձեւաւորման եւ հետագայ գործունէութեան համար: Տուեալ լսարանը միաւորելու է տեխնոլոգիաներն ուսուցման գործընթացում կիրառել ցանկացող աշակերտներին եւ ուսուցիչներին՝ դասապրոցեսը դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ, տպաւորիչ եւ հետաքրքիր», ըսած է Անոյշ Եդիգարեան:
Գետաշէնի դպրոցը կառուցուած է 98 տարի առաջ՝ գիւղական դպրոցի տիպով, ընդամէնը մէկ դասարանով: Այժմ հոն կը յաճախեն 270 աշակերտ: Դպրոցի նպատակներէն մէկն է գիւղական կեանքին եւ հողագործութեան հանդէպ սէր սերմանել մանուկներուն ու պատանիներուն մէջ:
Ստեղծագործարանի զարգացման ծրագիրին զուգահեռ, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը Գետաշէնի միջնակարգ դպրոցին մէջ սկսած է իրականացնելու նաեւ «Առողջ սնունդ» եւ «Աֆլատուն» ծրագիրները, հիմնադրած է թատրոն, կը քաջալերէ առողջ ապրելակերպը: Դպրոցը հիմնովին կը նորոգուի, ստեղծուած է ատամնաբուժարան, հաստատուած է ճաշարան: Նոր տարեշրջանին ամէն օր տաք եւ առողջ սնունդ պիտի մատուցուի դպրոցի երեխաներուն՝ նոր բարեկարգուած միջավայրի մէջ: Հիմնադրուած է նաեւ երկրագործական կեդրոն, ուր նպատակաուղղուած ուսուցում կը տրուի՝ նորարար արհեստագիտութեան կիրառմամբ հողի մշակման եւ առատ բերք ստանալու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.