ԵՐԵՒԱՆ.– Ազատութիւն հրապարակին վրայ սկսած է բողոքի ցոյց՝ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ։ Ցոյցը բազմամարդ էր: Կազմակերպիչները յայտարարած են, որ իրենց միացած են Վանաձորը, Սիսիանը, Աշտարակը, Ճամբարակը:
«Ո՛չ թալանին» կը բացագանչէին ցուցարարները՝ պահանջելով, որ ելեկտրականութեան սակը ոչ միայն չբարձրանայ, այլ նուազի։
Կազմակերպիչները յայտնած են, որ հանրապետութեան կարգ մը այլ մարզերու մէջ եւս այս նպատակով տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր։
Իսկ Երեւանի մէջ ցուցարարները Մաշտոցի պողոտայով ուղղուած են կառավարութեան շէնք։