ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Մայիս 27ին, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիւրընկալեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Խրիստոֆորոս Ֆոկայիտեսը:
Երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ստորագրեցին 2015ի համագործակցութեան ծրագիրը:
Ամփոփելով հանդիպումը, Սէյրան Օհանեան նշած է, որ հայ-կիպրական ռազմական համագործակցութեան շրջագծին մէջ ստեղծուած է միջպետական կառավարական յանձնախումբ մը, որուն երրորդ նիստը պիտի կայանայ շուտով:
Կողմերը խօսած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներու մասին: Հայկական կողմը ընդունած է Կիպրոսի նախարարին համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացնելու առաջարկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.