ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Եկեղեցւոյ հայրերը կը սորվեցնեն, թէ կիներն ու աղջիկները պէտք չէ որ իրենց երեսը շպարեն սնգոյրով: Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ըսած է. «Թող կիները իրենց երեսները չներկեն»: Իսկ պատմաբան, գրագէտ եւ հրապարակախօս Լէօն (Առաքել Բաբախանեան) «Գրիգոր Արծրունի» երկասիրութեան մէջ խօսք կ՛ուղղէ հայ մտաւորականութեան, թէ անոնք թեւաւոր բանաստեղծութիւններ, ներբողներ եւ գրուածքներ եթէ միայն ստեղծեն, «… այն կը դառնայ գեղեցիկ կանանց նման, որոնց բոլոր սիրունութիւնը… սնգոյրով է»: Դասական աղբիւրներու մէջ սնգոյրի համար կայ նաեւ հետեւեալ նշումը. «Խոտ, որ լինի նիւթ գունելոյ լկտի կանանց զերեսս»: Այս արտայայտութիւնները, անխուսափելիօրէն մտածել կու տան, թէ ի՛նչ է այդ ներկը, որ, ըստ հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու, դրդապատճառն է մեղքերու եւ անբարոյութիւններու:
Խօսքը համեստ ծաղիկի մը մասին է, իր բուսաբանական կոչումով՝ Anchusa:
Սակայն, «սնգոյր»ի ստուգաբանութենէն առաջ ծանօթանանք ծաղիկին:
Սնգոյրը յոյներու «անյուսա» ծաղիկն է: Իր բնաշխարհն է Միջերկրականը: Անոր Tinctoria կոչուած տեսակը յայտնի է իր փայլուն կապոյտ ծաղիկներով: Մխիթարեան հայրերէն Գաբրիէլ Մենեւիշեանը իր «Բուսաբանութիւն» աշխատասիրութեան մէջ (1897, Վիեննա) նշած է, թէ ան ունի ցագարաձեւ, գոց, գեղեցիկ կապոյտ ծաղիկներ:
Դաշտերու, լեռներու մէջ ազատօրէն եւ առատօրէն բուսնող սնգոյրը, սակայն, պճնասէր երիտասարդուհիներու, անուշահոտեր եւ սպեղանիներ արտադրող դեղագործներու եւ խոհարարներու կողմէ փնտռուած է ոչ թէ իր ծաղիկներուն, այլ՝ «Անյուսին» (Anchusin) կոչուած կարմիր ներկին համար, որ կը գտնուի իր հաստ արմատներուն մէջ: Արիստոկէս Ազարեանի «Յունարէն-իտալերէն-հայերէն թրքերէն» քառալեզու բառարանը (1848, Վիեննա) կը գրէ. «Բրդեղէնները ներկելու համար ներկ մըն է»: Սնգոյրին ներկը կը լուծուի իւղի եւ ալքոհոլի մէջ:
Ան մութ կարմիր երանգ կու տայ գինիներուն, պարսկական «ռուղան ճուշ» կոչուած ճաշին, ինչպէս նաեւ… այտերուն: Միջնադարուն Ֆրանսայի մէջ տիկիններ սնգոյրով շինած են շրթունքի ներկ՝ «rouge»:
Իսկ կահոյք պատրաստող վարպետները սնգոյրը կը գործածեն սովորական փայտի վրայ, անոր վարդափայտի տեսք տալու համար:
«Սնգոյր» բառը, Հր. Աճառեանի ստուգաբանութեամբ եւ համոզումով, ունի իրանեան ծագում, փոխառութիւն մը՝ «սանկեար» ձեւէն, San+Angr: Բոյսը կը պատկանի «շնխա ղող» կոչուած ընտանիքին եւ այդ անուանումը կը համաձայի պարսկականին. «Սակ»՝ շուն, «Անկիւր»՝ խաղող: Հայոց լեզուն ունի նաեւ «սնգուրիլ» բայը, որ կը նշանակէ շպարուիլ:
Լեզուաբան Ալ. Մարգարեանը, հիմք ընդունելով Աճառեանի մեկնաբանութիւնը, թէ «գոյր» արմատը մեր մօտ ժամանակի ընթացքին սկսած է նշանակել «ծածկել, փակել», ինչպէս՝ ողջագուրել, գուրգուրալ, առաջարկած է, թէ «վարագոյր» բառն ալ ունի նման ստուգաբանութիւն. Վայր + Գոյր, այսինքն՝ «… Վարագոյր նշանակել է այն շորը, որ վայր է ձգուել, մի բան անջրպետել, ծածկել միւսից, կամ ինչպէս «Հայկազեան» բառարանն է բացատրում՝ ծածկոյթ վերուստ ի վայր կամ ի վերաագուցեալ» (Հայկական ՍՍՌ, ԳԱ Տեղեկագիր, Թիւ 8, 1958, Երեւան):
16 Սեպտեմբեր 1913 թուականն է, Բերա, Կ. Պոլիս: Սիպիլը կը վերջացնէ «Մի՛ Ըսէք»ը, իր նորագոյն բանաստեղծութիւնը: Հոն, յայտնի գրագիտուհին բոլորովին նոր, փոխաբերական իմաստ կը պարգեւէ սնգոյրին.
«Սուտ երեւոյթ».
Մի՛ ըսէք ինձ թէ բարութիւնն է կեղծիք,
Թէ ժպիտը կնճիռ մըն է սնգուրուած,
Թէ ոչինչ կայ ազնիւ, ոչինչ գեղեցիկ,
Թէ պատրանք են սէրը, ծաղիկն ու քերթուած»։
166 ndaduryan@agbumhs.org