ՄՈՍԿՈՒԱ.- «News.ru» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկուելաշվիլի, Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըրի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշած է, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պէտք է խստացնել, դրացի երկիրներուն նկատմամբ Մոսկուայի գործողութիւններուն անընդունելիութիւնը ցուցադրելու համար:
«Շրջանին մէջ անկայուն իրավիճակ գոյութիւն ունի, ինչ որ կ՛արտացոլայ նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տնտեսութեանց վրայ, կ՛ազդէ Վրաստանի տնտեսութեան եւ առհասարակ շրջանի կայունութեան վրայ: Սակայն երբ մենք կը խօսինք պատժամիջոցներու եւ բացասական հետեւանքին մասին, որոնք ունեցած են Վրաստանի վրայ, ապա պէտք է յիշենք, թէ ինչո՞ւ համար այդ պատժամիջոցները սահմանուած են», ըսած է Մարկուելաշվիլի: Ըստ անոր՝ այդպիսի միջոցառումներու միակ նպատակը Ուքրանիոյ տարածքին մէջ պատերազմի դադրեցումն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.