ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախկին պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ անցեալ տարի հրաժարած էր զեղծարարութեանց ամբաստանութիւններու պատճառով, նոր պաշտօնի նշանակուած է։
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ Պաղըշ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական դարձած է:
Նշենք, որ Պաղըշ 2013ի Դեկտեմբերին բացայայտուած զեղծարարութեանց եւ կաշառակերութեան գայթակղութեամբ ամբաստանուածներէն մէկն էր, որ երեք այլ նախարարներու հետ պարտադրուեցաւ հրաժարիլ, սակայն իշխանամէտ կուսակցութեան հակակշիռին տակ գտնուող խորհրդարանը որոշեց զայն չպատժել: