ԱՏԱՆԱ.-

«Ռոյթըրզ» լրատու գործկալութիւնը Մայիս 21ին հաղորդեց, որ իր լրագրողներուն տրամադրութեան տակ ինկած են դատախազի մը, ոստիկաններու ու փոխադրակառքերու վարորդներու դատական վկայութիւններ, որոնք կ՛առնչուին 2013ին եւ 2014ին տեղի ունեցած զէնքերու ապօրինի փոխանցումներուն՝ Սուրիոյ մէջ կռուող իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն, որոնք կատարուած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան անդամներուն հովանիին տակ։
Վկայութիւնները խոտոր կը համեմատին Անգարայի այն պնդումներուն, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զէնք չեն տրամադրած իսլամ ծայրայեղականներուն։
Սուրիա եւ նոյնիսկ Անգարայի դաշնակից երկիրները կը պնդեն, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալելու մոլուցքով տարուած Թուրքիոյ կառավարութիւնը զէնքեր տրամադրած է անոր ընդդիմադիրներուն, ներառեալ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներու։
Նշենք, որ քանի մը առիթներով դէպի Սուրիա ճամբայ ելած փոխադրակառքեր կասկեցուցած դատախազներ եւ ոստիկաններ դատական հետապնդումի ենթակայ են։