ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Մայիս 19ին, Սուրիոյ բանակը շարունակած է դէմ դնելու հնադարեան Փալմիր քաղաքին տիրանալու «Իսլամական պետութեան» փորձերուն, բախումներ ունենալով քաղաքի արեւմտեան մուտքին մօտերը։
Կիրակի օր, բանակը կրցած էր իսլամ ծայրայեղական զինեալները ետ մղել քաղաքի արուարձաններէն:
Լրատուամիջոցներ կ՛ահազանգեն, որ պատմական վայրերու նկատմամբ իրենց վայրագութեամբ յայտնի իսլամ ծայրայեղականները վտանգ կը ներկայացնեն երկհազարամեայ Փալմիրի աւերակներուն:
«Պի.Պի.Սի.»ի արաբական սպասարկութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակին հաղորդումով, Փալմիրը ամբողջութեամբ իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ է:
Ատիկա կարելի դարձած է քանի մը օր տեւած կատաղի մարտերէ ետք, որոնք մօտաւորապէս 300 զոհ պատճառած են, որոնց շարքին՝ 123 սուրիացի զինուոր, 115 իսլամ ծայրայեղականներ եւ 57 քաղաքայիններ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Փալմիրի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է «Իսլամական պետութեան» Հասաքէի «կառավարի»չ Մուհայմեն Արմիտ Թահին, որ սուրիական բանակէն դասալիք եղած տասնապետ մըն է եւ Սուրիական ազատ բանակի հիմնադիրներէն մէկը։ Թահին աւելի ուշ միացած էր «Ճապհաթ Նուսրա»ին եւ ապա՝ «Իսլամական պետութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.