
Կիրակի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան, Թէքէեան մշակութային միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնը ժամադրավայրն էր գրասէր ընտրանիի մը, որ եկեր էր ներկայ գտնուելու միութեանս Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի նախաձեռնած ձեռնարկին։
Հայ բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան Թէքէեանի մահուան 70ամեակին կը զուգադիպէր ձեռնարկը, որուն համար յատկապէս Քարմել քաղաքէն հրաւիրուած էր բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան՝ ներկայացնելու «Վահան Թէքէեան բանաստեղծն ու ազգային գործիչը» նիւթը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի նախկին ատենապետ ու ներկայիս ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկերեան, ընթացք տալով օրուան յայտագիրին։
Քէօշկերեան ներկաներուն հետ խոհեր բաժնելէ ետք, ներկայացուց ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար
Մանուկեան վարժարանի հինգ աշակերտները ու իրենց հայերէն լեզուի ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանը։ Ուսանողները յայտագիրին ընթացքին յաջողապէս արտասանեցին Վահան Թէքէեանի յայտնի դարձած եւ ծանօթ բանաստեղծութիւններէն։ Ուսանողներն էին՝ Սարին Բամբալեան, Արի Էքմէքճեան, Մարալ Քիւրտեան, Նայիրի Համբարեան եւ Աղէկ Աղէկեան։
«Տաղ Հայերէն Լեզուին» եւ «Բաց Ծովուն Մէջ» քերթուածներուն կատարումներէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան, որ խնամքով պատրաստուած իր զեկոյցը ներկայացնէ։
Քերթողական վաստակի կուտակումին կողքին, Յովհաննիսեանի մօտ զարգացած է թէքէեանագիտութեան որակաւոր արուեստը եւ անոր ուսումնասիրութեանց արժէքաւոր արդիւնքն է Յովհաննիսեանի հրատարակած հատորը՝ մեծ բանաստեղծին վաստակին նուիրուած։ Թամար Յովհաննիսեան անդրադարձաւ մանաւանդ Խորհրդային Հայաստանի մէջ Վահան Թէքէեանի գործերուն լոյս ընծայման պարագաներուն, շեշտելով, որ հակառակ կատարուած բազմաթիւ հրատարակութիւններուն, Վահան Թէքէեան՝ մարդը, բանաստեղծն ու հասարակական գործիչը, բաւարար ու ամբողջական ուսումնասիրութեան չեն ենթարկուած տակաւին։ Կարեւոր յիշեցում մըն էր դասախօսին կողմէ, Թէքէեանի նամականիի հրատարակութիւնը՝ դոկտ. Աւետիս Սանճեանի հեղինակութեամբ եւ հրատարակութեամբ՝ ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, 1978էն սկսեալ։
Դասախօսը Թէքէեանը ներկայացուց որպէս հրապարակագիր, խմբագիր ու դաստիարակ, բայց մանաւանդ կարեւորեց իր բերած նպաստը արեւմտահայ գաղութներէն ներս արագ զարգացող գրական շարժումներուն եւ իր պատկանած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներքին կազմաւորումին ու տարածումին։
Հուսկ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վաստակաւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, որ դրուատեց օրուան ձեռնարկին՝ հայ գաղութի կեանքին նպաստող, կարեւորութիւնը։
Ուսանողներուն կողմէ հրամցուեցան երգի վերածուած «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնն ու սրինգի ընկերակցութեամբ կատարուած՝ «Քու Յիշատակդ Այս Գիշեր» գործերը։
Յայտագիրի վերջին մասը աւարտեցաւ «Երկնային Տաղեր» զոյգին՝ Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեաններու երեք կտորներու կատարումով՝ սրինգի ու տաւիղի վրայ, հմայելով ունկնդիրները։
Գեղեցիկ ու տպաւորիչ այս ձեռնարկը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։