ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ գործակցութեամբ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան եւ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Մայիս 21ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպուած է ողջունահանդէս մը, ներկայացնելու համար բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորները։
Հեղինակին ներկայացումը պիտի կատարէ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեան: Հատորները պիտի ներկայացնեն Ղեւոնդ քնհյ. Քիրազեան եւ Խաժակ Տիքիճեան։
Նախատեսուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մուտքը ազատ է. տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.