ՔՈՒՓԸՐԹԻՆՕ, Քալիֆորնիա.- Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Հարաւային Ծովածոցի յանձնախումբին, Կիրակի, Ապրիլ 19ին, Սանթա Քլարա հովիտի Քուփըրթինօ քաղաքի Ս. Անդրէաս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը, մասնակցութեամբ շրջանի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղին, Սիլիքոն հովիտի ՀԲԸՄին, ՀՕՄի «Ակնունի» մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան։
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներն էին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Աննա Էշու եւ Սանթա Քլարա գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Ճօ Սիմիթեան։ Ներկայ էին նաեւ շրջանի 10 քաղաքներու քաղաքապետները եւ այլ պաշտօնատարներ։
Բացման աղօթքը կատարեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան, որմէ ետք հանդիսավար Արա Երկանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտները՝ կատարելու դրօշակի արարողութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները երգեց Լորի Փանոսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Քարինա Համբարձումովայի։
Ապա, ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի անդամներն ու Ս. Անդրէաս Հայց. եկեղեցւոյ «Անահիտ Նալվարեան» վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին երգերու եւ բանաստեղծութիւններու փունջ մը, որմէ ետք ջութակահար Յակոբ Նազարեան կատարեց «Բարի Արագիլ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Քարինա Համբարձումովայի։ Ապա, Լորի Փանոսեան ներկայացուց երկու երգեր՝ «Հայոց Հովիկ» եւ «Երեւան-Էրեբունի»։
Գեղարուեստական բաժինէն ետք ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական շարժապատկեր մը՝ «Geoffrey Robertson QC Discusses The Armenian Genocide»ը, որմէ ետք տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան գլխաւոր բանախօսները՝ Աննա Էշու եւ Ճօ Սիմիթեան։ Աննա Էշու նաեւ յայտարարեց, որ մաս պիտի կազմէ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:
Աւարտին, ներկաները կազմակերպիչներուն տրամադրած ծաղիկները զետեղեցին Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ։