Թիֆլիսի «Քարվասլա» պատմութեան թանգարանին մէջ Մայիս 18-Յունիս 19 տեղի պիտի ունենայ «Սերգէյ Փարաճանով. XXI դարու երազ» ցուցահանդէսը:
«Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ multimedia installation-collage-ը, որ կը միաւորէ ցուցասրահի տարածութիւնը՝ առասպելներու, խոհածութիւններու հաւաքածոյ-արտացոլում եւ յիշողութիւններ բեմադրիչ եւ նկարիչ Սերգէյ Փարաճանովի մասին, որ ծնած է Թիֆլիս եւ մայրաքաղաքի պատմութեան անկապտելի մասն է», ըսուած է ցուցահանդէսի հաղորդագրութեան մէջ:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները՝ Քիեւի Երազներու թանգարանը իր հիմնադիրներու՝ հոգեվերլուծողներ Վիքթորիա Դանիէլեանի եւ Թաթիանա Ցուելոտուպի գլխաւորութեամբ, որոշած են տալ մեծ վարպետի ստեղծագործութեան իրենց մեկնաբանումը:
«Անցեալ դարու արուեստի կեդրոնները, Թիֆլիսի պատմութեան թանգարանի ֆոնտի արխիւը, դիմանկար-լուսանկարները, շարժապատկերի հարթակները, շարժանկարներու պաստառները, շարժանկարներու յետահայեաց ցուցադրութիւնները պիտի բացայայտեն Սերգէյ Փարաճանովի կեանքի մասին առասպելներու մթնոլորտը», ըսուած է նոյն հաղորդագրութեան մէջ:
Ծրագիրը պիտի իրագործուի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութոան նախարարութեան եւ Թիֆլիսի քաղաքապետարանի Մշակութային ձեռնարկներու կեդրոնի օժանդակութեամբ: