Չորեքշաբթի, Մայիս 13ին Վարշաւիոյ «Ընթերցանութեան Մոտա» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ ռումանահայ գրող, հրապարակախօս եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» վէպի լեհերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը:
Վէպը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ թարգմանուած է շուրջ երկու տասնեակ լեզուներու: Շնորհահանդէսը կազմակերպուած էր Մշակոյթի ռումանական հիմնարկին, «Կլիմատի» հրատարակութեան եւ «Ընթերցանութեան Մոտա» գրատան կողմէ՝ Լեհաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Լեհաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան:
Հեղինակը ներկաներուն մանրամասն ներկայացուց վէպի հիմնական բովանդակութիւնը՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ճակատագրական հետեւանքներուն՝ ոչ միայն հայ ժողովրդի, այլ համայն մարդկութեան կեանքին մէջ: Վարուժան Ոսկանեան նաեւ պատասխանեց ընթերցողներու հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.