ՔԵՄՓ ՏԵՅՎԻՏ, Մերիլենտ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախագահական Քեմփ Տէյվիտ ամառանոցին մէջ գումարած երկօրեայ վեհաժողովին շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է իր բոլոր ուժերը օգտագործելու՝ Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի շահերու ծիրին մէջ, Ծոցի երկիրները սպառնալիքներէ պաշտպանելու համար։ Ան պնդեց, որ Միջին Արեւելքի շրջանի ապահովութեան եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին մէջ «մեր դաշնակիցներուն հանդէպ մեր յանձնառութեանց նկատմամբ որեւէ կասկած պէտք չէ գոյութիւն ունենայ»:
Ան ըսաւ, որ վեհաժողովը «առիթ մըն էր հաստատելու, որ մեր երկիրները միասնաբար սերտօրէն կ՛աշխատին դիմակայելու համար Իրանի քայլերը, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան քայքայման կը յանգեցնեն, ներառեալ՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու Իրանի աջակցութիւնը»՝ աւելցնելով, որ Իրան ունի «վտանգաւոր եւ շրջանի պետութեանց կայունութիւնը քայքայող վարմունք՝ կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին, Լիբանանի մէջ կ՛աջակցի «Հըզպալլա»ի, Կազայի մէջ՝ «Համաս»ի, իսկ Եմէնի մէջ կ՛օժանդակէ ըմբոստ հուսիներուն»: Ան նշեց, որ նոյնիսկ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներ աչալուրջ կը հետեւի Իրանի այլ գործունէութեանց:
Գերաստիճանը կազմակերպուած էր Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հաւանականութեամբ մտահոգ Ծոցի արաբական պետութեանց մտավախութիւնները փարատելու նպատակով։
Խօսելով Սուրիոյ մասին՝ Օպամա ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը: Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծումը անօգուտ է։ Ի վերջոյ պէտք է անպայման տեղի ունենայ քաղաքական փոխանցում մը, որուն մէջ ընդհանրական իրաւունքները կը պաշտպանուին, եւ այդ նպատակին համար Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աջակցիլ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան»:
Օպամա նաեւ նշեց. «Պաղեստինցիները արժանի են բռնագրաւումին եւ անոր ընկերակցող ամէնօրեայ վարկաբեկումին վերջ տրուելուն: Անոնք արժանի են ապրելու գերիշխան եւ անկախ պետութեան մը մէջ։ Իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութիւնը կենսական է, արդար եւ իրագործելի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն կը բխի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.