ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Պոլսոյ Եշիլքէօյ շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տէրսիմցի 17 հայեր մկրտուած եւ քրիստոնէութիւն ընդունած են։ Անկէ բացի, կատարուած է նաեւ 2 զոյգի պսակադրութիւն:
Տէրսիմի հայերու միութեան հիմնադիր նախագահ Միրան Փրկիչ «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ մինչեւ մկրտութիւնը տէրսիմահայերը մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կազմակերպած 6ամսեայ դասընթացքին:
Մկրտուածներէն Լէա Եոնճա Գիւլթեքին «Արմէնփրէս»ին յայտ-նած է, որ իր ծնողները տարիներ առաջ պսակուած են եկեղեցւոյ մէջ, բայց չեն համարձակած երեխաները մկրտել։ «Հրաշալի զգացում է, երբ պապերուդ ու տատերուդ հետքով կ՛ընթանաս», յայտնած է ան։
Մկրտութեան արարողութիւնը գլխաւորած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան:
Նշենք, որ աւելի կանուխ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին այն մասին, թէ պատրիարքարանը մկրտութեան համար հայերէն 2 հազար տոլար կը պահանջէ։ «Երկիր Մեդիա»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Արամ արքեպիսկոպոս հերքած է այս լուրը՝ նշելով, որ պատրիարքական Աթոռը նախ կը քննէ մկրտութեան դիմումները, մկրտուողին համար անվճար դասընթացք կը կայացնէ, յետոյ միայն կը մկրտէ։ Իսկ բուն մկրտութեան համար պահանջուող գումարը շուրջ 400 տոլար է:
«Բայց անոնք, որոնք ի վիճակի չեն այդ գումարը վճարելու, անոնց համար մկրտութիւնը կը կատարուի անվճար», յայտնած է Արամ արք. Աթէշեան։