ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Քանատայի Ծերակոյտը Մայիս 13ին հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը՝ անգամ մը եւս պաշտպանելով Ծերակոյտի թիւ 44 որոշումը, զոր առաջին անգամ վաւերացուած էր 2002ին:
Ըստ «Հորիզոն»ի՝ ծերակուտական Թան Հայ Նկօ քննարկման ընթացքին յայտարարած է. «Պաշտօնապէս ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Քանատա կը գործէ աշխարհի մէջ իր քարոզած սկզբունքներուն համաձայն: Որեւէ երկիր, որ կը ծածկէ իր անցեալը, կամ չի առերեսուիր իր անցեալին հետ, չի կրնար իր սեփական պատմութեան բեռէն ձերբազատիլ»: Ան աւելցուցած է, որ այս ծանր յանցագործութիւնը անպատիժ կը մնայ, որովհետեւ Թուրքիա կ՛ուրանայ զայն: «Քանատայի Ծերակոյտը պէտք է նպաստէ արդարութեան հաստատումին, մարդկային իրաւունքներու ապահովման, հանդուրժողականութեան, ազգերու խաղաղ գոյատեւման: Ինծի համար մեծ պատիւ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կապակցութեամբ ելոյթ ունենալ այս պալատին առջեւ եւ հաստատել 2002ի թիւ 44 որոշման հաւատարիմ մնալու մեր փափաքը», նշած է ան:
Ծերակոյտի խօսնակ Լէօ Հուսաքոս նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կարեւորութիւնը՝ ողջունելով Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեանն ու նստաշրջանի բացման ներկայ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: