ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ասորիները նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին ու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին յղած են նամակ մը՝ կոչ ուղղելով, որ պետութիւնը ճանչնայ 1915ի հայոց, ասորիներու եւ յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնէ քրիստոնեաներէն գրաւուած ինչքերը։
Ասորիներու հասարակական քսան կազմակերպութիւններու ստորագրութիւնը կը կրէ վերոյիշեալ նամակը, ուր կը նշուի, թէ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը, Անատոլուի ու Միջագետքի մէջ, քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու, ցեղասպանութիւն գործեցին եւ թէ այդ ցեղասպանութեան մասնակցեցան նաեւ քրտական կարգ մը ցեղախումբեր։
«Այդ թուականին կոտորուեցան 1.5 միլիոն հայեր, 500 հազար ասորիներ եւ 350 հազար պոնտոսցի յոյներ։ Առանց ծեր ու մանուկ զանազանելու, այդ կոտորածին ընթացքին գրաւուեցան քրիստոնեաներու ունեցուածքները, գոյքերն ու հողերը», նշուած է նամակին մէջ։