ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք հարցազրոյց մը տուաւ «Հիւրրիյէ»չ թերթին ու խօսեցաւ հայերուն հանդէպ իր վերաբերումին, «1915ի դէպքերու»ն եւ այն պետութիւներուն մասին, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Չիչեք ըսաւ. «Եթէ Աստուած ստեղծած է ինչ որ բան մը կամ ոեւէ մէկը, ես չեմ կրնար անոր թշնամի ըլլալ։ Ես, օրինակ, թրքական երաժշտութիւնը շատ կը սիրեմ, թրքական երաժշտութեան մէջ որքա՜ն հայ արուեստագէտներ, երաժիշտներ, ստեղծագործողներ, սազի վարպետներ կան։ Ճարտարապետութեան մէջ՝ նոյնպէ՛ս։ Մեծ հայրս Եոզկատի մէջ հայ դրացիներ ունէր։ Ո՛չ ես, ոչ ալ մեր ազգը գէշ վերաբերում ունի այն հայրենակիցներուն նկատմամբ, որոնք հայկական արմատներ ունին։ Մենք դէմ ենք Սփիւռքի մեղադրանքներուն»։
Չիչեք նաեւ յայտարարեց, թէ դէմ է «1915ի հարց»ը քաղաքականացնելուն։ «Յստակ բան մը կրնամ ըսել՝ մենք ցեղասպանութիւն չե՛նք գործած։ Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ցաւեր չեն եղած։ 1915ը մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ ցաւերու տարեթիւն է։ Բայց այդ ցաւը միայն հայերը չեն ապրած։ Թուրքերը մարդ չե՞ն», ըսաւ ան։
Խորհրդարանի նախագահը դարձեալ քննադատեց այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ նշեց, որ ատիկա խորհրդարաններու գործը չէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.