ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ապրիլ 24էն ի վեր Թուրքիա վշտացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, որ ո՛չ միայն Ցեղասպանութիւն որակեց «1915ի իրադարձութիւններ»ը, այլ նաեւ Երեւան գնաց՝ ներկայ գտնուելու համար Ծիծեռնակաբերդի մէջ կայացած ոգեկոչման հանդիսութեան։
Այս պայմաններուն մէջ զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մերժէ Փութինէն եկած հրաւէր մը։ «Աքշամ» թերթը կը հաղորդէ, որ նախագահ Փութին Էրտողանը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու Մոսկուայի մէջ Մայիս 9ին կայանալիք Յաղթանակի տօնի հանդիսութեան, բայց Էրտողան մերժողական պատասխան տուած է այդ հրաւէրին։