ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄըքՔանըլի եւ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Ծերակոյտի հանրապետական եւ դեմոկրատական այլ անդամներ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան ու երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման վերաբերող հարցեր, անդրադարձած՝ այդ յարաբերութիւններուն մէջ քոնկրեսի ուրոյն դերակատարութեան:
Նախագահ Սարգսեանի համաձայն՝ նաեւ ծերակուտականներ Միչ ՄըքՔանըլի եւ Հերրի Ռիտի աշխոյժ ջանքերուն շնորհիւ այդ յարաբերութիւնները ներկայիս կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է զրուցակիցներուն՝ տարիներ շարունակ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ առանձնայատուկ վերաբերում եւ հոգածութիւն ցուցաբերելուն համար:
Հանդիպման մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդգրկած են համագործակցութեան լայն շրջագիծ: Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ ունին թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմանի մակարդակներու վրայ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման, տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման առումով տարիներ շարունակ ցուցաբերուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը՝ միտուած Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման:
Ան նաեւ գնահատած է Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման իմաստով, նաեւ Միացեալ Նահանգները՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի, անոր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, այդ ծիրին մէջ Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կատարուող յիշատակի եւ ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի նախագահի այցելութեան ծիրին մէջ Ուաշինկթընի ազգային տաճարին մէջ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթքին:
Նախագահ Սարգսեան եւ ամերիկացի ծերակուտականները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ: Ներկայ բոլոր ծերակուտականները իրենց խօսքին մէջ կարեւոր նկատած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի շրջափակման պայմաններուն մէջ երկրին անհրաժեշտ փոխադրութեան եւ ուժանիւթի այլընտրանքային կարելիութիւններու ստեղծման վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.