ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, Ապրիլ 18ի առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի հարաւ արեւմտեան շրջանի՝ 1800 Lake Avenue-ի վրայ գտնուող Հայ Աւետարանական Եղբայրակցութեան եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ քօղազերծման արարողութիւնը շատ գեղեցիկ խաչքարի մը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու 100ամեակին:
Արուեստի այս հոյակապ գործին հեղինակն է հայրենի քանդակագործներէն՝ Գասպար Ղարիպեան:
Այդ օր, եկեղեցւոյ պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ՝ վերապատուելի Տիգրան Շանլեանի, ոչ մէկ ճիգ խնայած էին ճոխ եւ խորիմաստ ձեռնարկով մը ոգեկոչելու նահատակներուն յիշատակը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Կլենտէյլի սիրուած եւ յարգուած քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլա Տիվայն, Արա Նաճարեան, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար՝ Արտաշէս (Արտի) Քասախեան, Աւետարանական եկեղեցիներու հոյլ մը պատուելիներ, մամուլի, հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ անդամներէն ու համակիրներէն բաղկացած բազմութիւն մը:
Եկեղեցւոյ վարչութեան քարտուղար, Լոս Անճելըսի ծանօթ ազգային հասարակական գործիչ Յակոբ Յովհաննիսեան՝ հայերէնով, եւ համակրելի երիտասարդ Սեւակ Շանլեան՝ անգլերէնով բարի գալուստի պատշաճ խօսքերով ողջունեցին ներկաները, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգներու կատարումէն ետք, գործադրուեցաւ բովանդակալից յայտագիր մը, որ հարուստ էր նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող պատգամներով: Մենք բազմիցս լսած ենք Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի եւ քաղաքի քարտուղար, մեր սիրելի Արտաշէս Քասախեանի ելոյթները, բայց այդ օր, այս երիտասարդ, բարձրաստիճան քաղաքային գործիչները իրենց խորիմաստ խօսքերով գերազանցեցին իրենք զիրենք, խորապէս տպաւորելով ներկաները եւ արժանանալով անոնց ջերմ գնահատանքին:
«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն արիւնաքամ եւ Ցեղասպանութենէն հազիւ ոտքի կեցած հայ ժողովուրդը, 200.000է աւելի երիտասարդներ զոհ տուաւ նացիներուն՝ մարդկութիւնը այդ չարիքէն ազատելու համար: Հայկական զօրախումբը առաջինը եղաւ, որ Պերլին մտաւ եւ գրաւեց զայն: Իսկ Միացեալ Նահանգները այդ ճակատամարտին տուաւ միայն 17,000 զոհ», ըսաւ Արտաշէս Քասախեան, արժանանալով ներկաներու երկարատեւ ծափահարութիւններուն:
Խօսք առին նաեւ Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան Արեւմտեան Շրջանի վարիչ տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան, եւ Մկրտչական եկեղեցիներու միութեան (որ 70է աւելի եկեղեցիներ ունի) կողմէ վեր. Ճիմ Սմիթ: Ան, յանուն իր բոլոր եկեղեցիներուն, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին: Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան եւ վեր. Արիէլ Պապիկեան կարճ աղօթքներով օրհնեցին ձեռնարկը եւ աղօթեցին մեր նահատակներու հոգիներուն համար:
Վերջաւորութեան խօսք առաւ, եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Տիգրան Շանլեան եւ օրհնութեան աղօթք մը կատարեց վեր. Աբրահամ Զաքարեան: Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան նուագեց «Հայաստան» լարային քառեակը, ղեկավարութեամբ Արմէն Մանկասարեանի: Մարիամ Սիրեկանեան «Տէր ողորմեա» երգով խորապէս գոհ ձգեց ներկաները:
Տեղի ունեցաւ շատ գեղեցիկ խաչքարի քօղազերծումը՝ ձեռամբ քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի եւ վեր. Տիգրան Շանլեանի: Յուզիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս երէց եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ ձեռք-ձեռքի տուած, խաչքարին վրայ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին: Ապա, ժողովուրդը իր հերթին զետեղեց վարդեր խաչքարին դիմաց, որմէ ետք ներկաներուն կողմէ կատարուած Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ այս շատ գեղեցիկ ձեռնարկը:
Յիշենք, թէ տիկնանց եւ երիտասարդներու խումբ մը մուտքին ջերմօրէն կը դիմաւորէր ներկաները, անոնց տալով յայտագիրը եւ Հայաստանէն բերուած Ապրիլեան նահատակներուն 100ամեակի ծաղկանշանը:
Նմանապէս, տրուեցաւ յատուկ գրութիւն մը, ուր մանրամասն բացատրութիւն կը տրուէր զետեղուած խաչքարին մասին:
Վերջաւորութեան, ճոխ հիւրասիրութենէ մը ետք, հանդիսականները մեկնեցան Աստուծոյ այս տունէն՝ մեր նահատակներուն խնկելի եւ անմեռ յիշատակը իրենց հետ տանելով եւ խոստանալով, որ միշտ «պիտի յիշենք եւ պիտի պահանջենք», մնալով մեր նահատակներու, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պահանջատէրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.