ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիա այցելած Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի, Մայիս 4ին հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիայի եւ Վրաստանի սպայակոյտի պետերուն հետ։
Կողմերը որոշած են համակարգման խորհուրդ մը ստեղծել, կարգաւորելու համար երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութեանց միջեւ գործակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք ստորագրուած է եռակողմանի արձանագրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.