ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Համացանցի իր էջին վրայ Ալի Կիւզել կը գրէ, որ Ուրֆա քաղաքէն 10 քլմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Կերմուճ գիւղի հայկական եկեղեցին, որ ներկայիս խեղճ վիճակ կը պարզէ:
Եկեղեցին գիւղացիներուն կողմէ երկար տարիներ որպէս ախոռ գործածուած է, իսկ ներքին մասը կենդանիներու կղկղանքի գարշահոտութեան պատճառով՝ անհանդուրժելի վիճակ ստացած է:
«Եկեղեցի այցելողները հակազդեցութիւն ցոյց կու տան պարզուած տեսարանին դիմաց: Անոնք կը յայտնեն, թէ եկեղեցւոյ այս կացութիւնը մեծ վնաս է Ուրֆայի զբօսաշրջութեան», կը գրէ ան՝ աւելցնելով, որ ո՛չ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ ոչ ալ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը հետաքրքրուին այս հարցով: