Քանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Մայիս 3ին Մոնթրէալի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացած բազմահազարնոց քայլարշաւը դարձաւ շրջանի օտար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան:
Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կազմակերպուած քայլարշաւին մասնակից 10 հազար հայորդիներուն առաջնորդն էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ Քանատա ժամանած էր յատկապէս մասնակցելու վերոնշեալ աննախընթաց քայլարշաւին:
Աբգար եպս. Յովակիմեանի եւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի կողքին էին տեղւոյն քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի իսլամ շիա համայնքի հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Նապիլ Ապպաս:
Փողերախումբին եւ հայ սկա-ուտներու տողանցող շարքերուն կը հետեւէին Մոնթրէալի քաղաքապետ Տենի Քոտեր, Լավալի քաղաքապետ Մարք Տեմերս, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, դեսպան Արմէն Եգանեան, Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Ճասթին Թրուտօ, Պլոք Քեպեքուա կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ժիլ Տիւսեփ, Ազատական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սթեֆան Տիոն, Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, Քեպեք նահանգի խորհրդարանի անդամներ, Մոնթրէալի եւ Լավալի քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու շարքին իրենց պատուիրակութիւններով Մոնթրէալի եւ Լավալի պահանջատէր հայութեան զօրակցելու ժամանած էին ասորի, հրեայ, քիւրտ, պոնտացի յոյն, ռուանտացի, քամպոտիացի եւ ուքրանացի համայնքները:
Խաղաղ երթը անցաւ քաղաքակեդրոնի մայր պողոտայ Սենթ Քաթրինզէն, ուր տողանցողներու շարանը երկարեցաւ պողոտայի 3 քիլոմեթր երկայնքով:
2 ժամուան վրայ երկարող քայլարշաւը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 6ին, որմէ ետք Place Des Arts համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինի կազմակերպած ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Քանատայի վարչապետի ներկայացուցիչ՝ ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտր:
Օրուան հանդիսավարն էր լրագրող Ֆրանսուա Պուկինկօ: Հաւաքի առաջին պատգամաբեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինի նախագահ Մհեր Գարագաշեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց հայութեան վերապրելու եւ իր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու կամքը: Հիւր պատգամախօսներն էին ամերիկահայ դերասան Էրիք Պողօսեան եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Վալերի Պուայէ, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին, թէ թրքական իշխանութիւններու ուրացման քաղաքականութիւնը ինքնին ցեղասպանութեան շարունակութիւն է: Քեպեք նահանգի վարչապետ Ֆիլիփ Քույարի ներկայացուցիչ, Քեպեք նահանգի ներգաղթի նախարար Քեթլին Ուէյլ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Քեպեք հանդիսացած է Քանատայի մէջ առաջին նահանգներէն, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Քանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրի ողջոյնները փոխանցեց Քանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Քրիս Ալեքսանտր, որ իր ուղերձին մէջ յայտնեց, թէ 2006ին վարչապետ Հարփըրի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը ի զօրու պիտի մնայ Քանատայի պետական քաղաքականութեան մէջ: Ան նաեւ Հայաստանի մէջ 100ամեակի պաշտօնական հանդիսութեանց ընթացքին իբրեւ մասնակից եւ Քանատայի պատուիրակութիւնը գլխաւորող պետական ներկայացուցիչ, իր տպաւորութիւնները փոխանցեց՝ հաստատելով, որ այդ հանդիսութիւնը աշխարհի պատմութեան տոմարներուն մէջ պիտի արձանագրուի:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եզրափակեց հանդիսութիւնը, հաստատելով, որ Մոնթրէալի պատմական քայլարշաւի մասնակից բազմահազար հայորդիներու մասնակցութիւնը էապէս կը խորհրդանշէ հայութեան փիւնիկեան վերյառնումը, վերապրելու աննկուն կամքը եւ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ անքակտելի միասնութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.