Ապրիլ ամսուան մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ «The Armenian Catholicosate Of Cilicia: History, Treasures, Mission» հատորը, որ կը բովանդակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութիւնը՝ Սիսէն մինչեւ օրերս: Հատորը նաեւ կը ներառէ Կիլիկիոյ հոգեւոր եւ մշակութային գանձերու ամբողջական եւ հարազատ պատկերը, ինչպէս՝ ձեռագիրներ, մետաղեայ զարդեղէններ, եկեղեցական սպասներ, հանդերձներ, գորգագործութիւն, նկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն, որոնց մեծ մասը փրկուած է Սիսի կաթողիկոսարարնէն ու «մշակութային ցեղասպանութիւն»էն եւ ներկայիս կը ցուցադրուի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:
Հատորը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատման պատմութեան ու առաքելութեան:
Սոյն հատորի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան մէջ մեծ եւ կարեւոր դեր վերապահուած է Արամ Ա. հայրապետին, իսկ խմբագրական աշխատանքը կատարած է դոկտ. Սեդա Տատոյեան:
Հատորին ներածականը ու վերջաբանը գրուած է վեհափառին կողմէ: Յօդուածներով իրենց մասնակցութիւնը բերած են հանրածանօթ հայագէտներ Քլոտ Մութաֆեան, Լեւոն Նորտիկեան, Սիլվիա Աճէմեան, Ռէյմոնտ Գէորգեան, Տիգրան Գույումճեան, Մարիէլ Ռեպէր, Մովսէս Հերկելեան եւ Սեդա Տատոյեան: Հատորին լեզուները անգլերէն եւ ֆրանսերէն են:
Սոյն հատորը լոյս տեսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան եւ Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան ամոլի մեկենասութեամբ:
Հատորը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ Երանաշնորհ կաթողիկոսներու անթառամ յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.