Կիրակի, Ապրիլ 19, 2015ին, Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ աւելի քան 300 հոգիի ներկայութեամբ եւ միութեան Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշատօնը։ Գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ՝ բծախնդրօրէն պատրաստուած յայտագիր մը։
Երեկոն պարզ յուշատօն մը չէր միայն, այլ պահանջատիրական պոռթկում մը, որ ամբողջ երեկոյի տիրական մթնոլորտը դարձաւ։ Այդ մթնոլորտը կրցաւ վարպետօրէն ստեղծել օրուան հանդիսավար Այտա Յովասափեան՝ իր բացման խօսքի ընդմէջէն։ Այո՛, Յովասափեան հակիրճ իր խօսքով կրցաւ ոչ միայն երաշխաւորել երեկոյի յաջողութիւնը, այլ յստակօրէն փոխանցել օրուան պատգամը, խանդավառութիւն ստեղծելով։ Խանդավառիչ էր նաեւ Շաքէ Ազիզեանի ուսուցողութեամբ պատանի պարմաններու առանձին եւ խմբային արտասանութիւնները, որոնք արժանացան ներկաներու բոցաշունչ ծափերուն։
Օրուան բանախօսն էր յայտնի իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան, նիւթ ունենալով՝ «Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի իրաւական-քաղաքական մարտահրաւէրները»։ Պոյաճեան շատ լուրջ ու բովանդակալից, ժողովուրդին հասկնալի պարզութեամբ, նիւթը ներկայացուց։ Ան կեդրոնացաւ երեք հարցերու վրայ՝ Ցեղասպանութեան առնչութեամբ մինչեւ օրս ի՞նչ ըրած ենք, ի՞նչ կ՛ընենք, ի՞նչ պիտի ընենք։ Ի միջի այլոց, ան յիշեցուց, որ սխալ բան մը կայ երբ 3000 տարուան պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ մը այսօր 10-11 միլիոն կը հաշուէ, իսկ երկիրը 30 հազար ք.մ. տարածութիւն ունի, երբ առնուազն պէտք էր ըլլար 35 միլիոն բնակչութեամբ 180 հազար ք.մ. տարածութեամբ երկիր մը, եթէ Ցեղասպանութիւնը չ՛ըլլար… ան շեշտեց որ ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, օրական մենք բան մը կը կորսնցնենք։ Անդրադառնալով Վատիկանի արարողութեան եւ գերագոյն պետի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ուխտին ըսաւ, որ մենք այլեւս հատուցման պահանջի հանգրուանին մէջ կը գտնուինք, եւայլն։
Այլ ելոյթներու կողքին բաւական յաջող կերպով ասմունքեց Սօսի Ճուհարեան, Սարոյեանի յայտնի «Անվերնագիր» արձակը անգլերէնով եւ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն «Գարուն ա, ձիւն ա արել»ը՝ հայերէնով։
Հանդէսի վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի, չորս խմբերգներով, որոնք ժողովուրդին խանդավառութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին։
Այլեւս Ապրիլեան մեր երեկոները սգատօներ չեն. այսօր Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը յաջողութեամբ կրցաւ պահանջատիրական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծել, յիշելով մեր բիւրաւոր նահատակները։
Հանդիսավարը փակման իր կարճ խօսքով յորդորեց ներկաները, Ուրբաթ 24 Ապրիլին խուռներամ մասնակցելու 100ամեակի Արդարութեան քայլարշաւին։
Երեկոյի աւարտին, Ցեղասպանութեան 100 տարիները ներկայացուեցան 100 անձով բեմին վրայ եռագոյն դրօշակներով։
Կը շնորհաւորենք Երիտասարդացի վարչութիւնը եւ յանձնախումբը այս յաջող ձեռնարկի կազմակերպման համար։
Թղթակից