ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի հայ կեանքէն ներս, յարգանքի ու յիշատակի յատկանշական օր մը եղաւ Ապրիլ 19ը, երբ տեղի ունեցաւ մեր 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն նուիրուած ձեռնարկը:
Յուշահանդէսն ու հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցան Տէյվիտսըն բլուրին վրայի, 43 ոտք բարձրութեամբ պատկառելի խաչի շուքին տակ, մասնակցութեամբ շուրջ 500 սգակիր հայրենակիցներու ու հիւրերու, որոնք եկած էին յարգելու յիշատակը մեր բիւրաւոր անմեղ նահատակներուն:
Յիշատակի հանդիսութեան ներկայ էին Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Յովէլ քհնյ. Օհանեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, վեր. Ճէյմզ Գիզիրեան, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի արի-արենուշներ, Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ եւ հիւրեր:
Հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ ու ամերիկեան ու հայկական քայլերգներու կատարմամբ:
Հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին մասնակից հետեւեալ մարմիններուն կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան խաչին ստորոտը՝ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբ, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան, Հայ ուսանողական ընկերակցութիւն, ՀՄԸՄ, Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութիւն, ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի ուրբաթօրեայ վարժարան, Armenian National Committee of America Professional Network:
ԳԶՎի 6րդ, 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին անուն-մականունները իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք զոհ գացած էին 1915ի ջարդերուն:
Բեմ բարձրացաւ Տէյվիտսըն բլուրի խաչի յանձնախումբի ատենապետ Չաք Բասքերեան, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք՝ երկիւղածութեամբ խոնարհեցաւ խաչին ու զետեղուած ծաղիկներուն առաջ, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավարուհին Նանօր Պալապանեանը, վարելու յայտագիրը:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքերէն ետք՝ հանդիսավարուհի Նանօր Պալապանեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ իր մեծ մեծ մօր ոդիսականին, աքսորի ճամբուն վրայ։ Ան մեծ յուզմունքով շարունակեց՝ ըսելով. «Երբ մենք դէպի խաչը կը քալէինք այսօր, կրկին ու կրկին յիշեցի Զարուհի Գարանճեանը, որ Էրզրումէն քալեց դէպի Տէր Զօր եւ ապա դէպի Հալէպ, հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր մղոններ: Նոյն այս ճամբուն վրայ, օսմանցիները ստիպեցին իրեն՝ իր լացող նորածին երեխան փողոցը ձգել, ան ականատես եղաւ իր մօր ձեռքին կտրուիլը՝ թուրք զինուորի մը կողմէ, ան տեսաւ իր ընտանիքի անդամներուն մահը՝ մէկ առ մէկ, Տէր Զօրի ճամբուն վրայ, անձամբ տառապեցաւ խոշտանգումներէ, ստիպուած եղաւ խոտով սնանելու, ծխախոտերով այրեց իր երեսները որպէսզի չբռնաբարուի, առեւանգուեցաւ թուրք ընտանիքի մը կողմէ, եւ ապա փախուստ տուաւ եւ երկար մղոններ քալեց, մինչեւ հասաւ Հալէպ, ուր հանդիպեցաւ մեծ մեծ հօրս»: Ապա ան ըսաւ. «Այսօր ես հոս եմ որովհետեւ ան ապրեցաւ: Ես հոս եմ շնորհիւ իր ուժին եւ դիմադրութեան: 100 տարի առաջ զինք լռեցուցին: 100 տարի ետք մենք այստեղ կրնանք կանգնիլ Ամերիկայի մէջ, այս խաչին շուքին տակ, այլ վերապրողներու հետ, միասնաբար օգտագործելու մեր ձայները, զոր անցեալին լռեցուցած էին, համարձակ ու ինքնավստահութեամբ պահանջելու արդարութիւնը»:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, երիտասարդութեամբ խանդավառ ու ճոխ յայտագիրին իրենց սրտի խօսքերով մասնակցութիւնը բերին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի երիտասարդական մարմինին կողմէ՝ Նաթալին Ճինտոյեան, Հայ եկեղեցական կազմակերպութեան Ս. Վարդան մարմնինին կողմէ՝ Սեւան Ճինտոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի արի-արենուշներուն կողմէ՝ Ալինա Մինասեան, UC Davis-ի Հայ ուսանողական միութեան կողմէ՝ Թամար Թոթոյեան:
Ապա, ՀԵԴի Սան Ֆրանսիսքոյի «Ռոստոմ» ուխտի անդամներէն Շանթ Քիլիճեան եւ Քլոտիա Լից արտասանեցին Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր Ուխտը», ԳԶՎ վարժարանի 4րդ եւ 5րդ դասարանի աշակերտները՝ «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ»ը, 6րդ դասարանի աշակերտները՝ Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը, իսկ 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները արտասանեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»ը:
Ս. Վարդան եկեղեցւոյ պարախումբի մենակատարներէն Լորենա Ազիզեան պարեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Սպիտակ Աղաւնին» երաժշտութեան վրայ:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր ԳԶՎ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան, որ խոր յուզումով ու ապրումով տուաւ իր սրտի խօսքը՝ ըսելով. «Պահ մը գոցենք մեր աչքերը ու երեւակայենք մեր պապենական քաղաքները՝ Մուշ, Վան, Ուրֆա, Էրզրում, Խարբերդ, Զէյթուն, Սիս ու Մարաշ։ Մահ ու սարսափ ամէնուրեք։ Ծերեր, երեխաներ, կիներ ու տղամարդիկ՝ յանկարծակիօրէն դուրս կը քշուին իրենց տուներէն, դուրս կը դրուին իրենց հազարամեայ շէներէն ու քաղաքներէն, իրենց զաւակները շալկած, կը քալեն անօթի, կը տարուին մութ ճամբաներով, կը կողոպտուին ու կը կոտորուին այդ ճամբաներուն վրայ ու կը հասնին անապատ, որպէսզի այնտեղ աւանդեն իրենց հոգիները՝ հիւանդութեան ու սովի մէջ: Անոնց մէջ կը գտնուին մեր բոլորին հայրերն ու մայրերը, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնցմէ շատ շատերը ականատես կը դառնան մեր ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած անմարդկային, զարհուրելի այս ոճիրին՝ Եղեռնի այդ ահաւոր, սրտաճմլիկ ու ողբերգական տեսարաններուն: Անոնցմէ էին նաեւ իմ մեծ հայրերս՝ Կարապետ Սարգիսեան եւ Սահակ Մոմճեան, որոնք՝ միակ վերապրողները իրենց ընտանիքէն, կը հեռացուին Ուրֆայէն, կը միանան պարտադրուած արտագաղթին եւ արհաւիրքներուն, իրենց մէջ ուժ կը գտնեն վերահաստատուելու Սփիւռքի մէջ: Անոնք իրենց աննկուն կամքով կը պայքարին յանուն կեանքի ու վառ կը պահեն իրենց հայ ինքնութիւնն ու անունը: Հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, ուր որ ալ գտնուին անոնք այսօր՝ Հայաստան, Արցախ, æաւախք թէ Սփիւռքի տարածքին, վերանորոգ միասնականութեամբ կը բոլորուին ազգային պահանջատիրութեան նուիրական համոզումին ու գործունէութեան շուրջ»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն համար, վերոյիշեալ հոգեւոր հայրերուն կող-մէ:
Ինչպէս գիտենք, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ընդհանուր ժողովի որոշումով եւ երկու հայրապետներու օրհնութեամբ այս հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի ըլլայ վերջին հոգեհանգիստը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք Ապրիլ 23ին սրբադասուեցան Ս. Էջմիածինի մէջ:
Հոգեհանգիստի արարողութեան աւարտին, առիթ տրուեցաւ ներկայ ժողովուրդին ծաղիկներ զետեղելու խաչին առջեւ։ Ներկաները երկիւղածութեամբ ու աղօթքով խոնարհեցան նահատակներու յիշատակին առջեւ: