ԷՆՍԻՆՕ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 21ին, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի 43րդ նստաշրջանի նախօրեակին քահանայից հոգեւորականաց համագումարը։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց առաջնորդը, Ապրիլեան Նահատակաց Կանոնի Առաքելական նամակին՝ Եբրայեցիներու նամակի (10:19-36) ընթերցումին հետեւողութեամբ:
Սրբազանը ըսաւ. «Մեր նահատակները գօտեպնդուեցան հաւատքի զօրութեամբ, եւ երկրաւոր հարստութեան փոխարէն՝ երկնաւոր գանձերուն արժանանալու հետամուտ եղան, երկրաւոր նախատինքները ոչինչ նկատեցին երկնաւոր վարձատրութեան դիմաց։
Հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք, հոգեւորականները ծանօթացան նոր յօրինուած Սրբոց Նահատակաց «Հրաշացան Պակուցմամբ» շարականին բառերուն եւ երգեցին զայն:
Համագումարի առաջին նիստին ընթացքին, քննարկուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովին ներկայացուելիք Կրօնական ժողովի տեղեկագիրը։ Ապա ժողովականները հանգամանօրէն անդրադարձան Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն եւ սրբազանը անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարեց հոգեւորականներուն մասնակցութեան գծով:
Երկրորդ նիստի առաջին օրակարգը դասախօսութիւն էր. դասախօսն էր դոկտ. Իտա Քարայեան, որ խօսեցաւ նախամուսնական խորհրդատուութեան մասին, նշելով, որ անոնք անհրաժեշտ են զոյգերուն, խուսափելու համար ապագային զանազան դժուարութիւններէ։ Մանաւանդ ներկայ սերունդին համար, այս նիւթը առաջնահերթ է։ Դասախօսը անձնական փորձառութիւններէ յիշատակումներով անդրադարձաւ զանազան մօտեցումներու, որոնք անհրաժեշտ են ամուսնութեան պատրաստուող զոյգերուն համար։ Հետեւող զրոյցի պահուն, հոգեւոր հայրերը եւս արտայայտուեցան ընտանիքներու դիմագրաւած շարք մը խնդիրներու մասին։ Աւարտին, սրբազանը իր թելադրութիւնները կատարեց այս ուղղութեամբ, ապագային կիրարկելի միջոցներ թուելով:
Վերջին բաժինով, տեղի ունեցաւ յառաջիկայ ամիսներու գործունէութեան եւ աշխատանքներու նախագծում եւ անոնց կիրարկման մասին խորհրդակցութիւն: Ներկայացուեցան որոշ զեկուցումներ: Ապա կատարուեցաւ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի երեսփոխան եկեղեցականներու ընտրութիւնը:
Ժողովի աւարտին, ատենապետը՝ հայր Միւռոն, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ հոգեւորականներուն, այս արդիւնալից օրուան համար, եւ անգամ մը եւս հոգեւորականաց դասը հրաւիրեց պատրաստակամ կերպով ծառայելու եկեղեցական ու ազգային նուիրական գործին։ Ապա հրաւիրեց սրբազանը կատարելու փակման խօսքը։
Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց համագումարի արդիւնաւոր աշխատանքներուն համար։
Կրօնական համագումարը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 5ին, առաջնորդի «Պահպանի»չ աղօթքով ու «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.