ՖՐԵԶՆՕ.- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան յուշարձանին բացում տեղի ունցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, աւելի քան 4000 մասնակիցներու ներկայութեամբ։
Ելոյթ ունեցած է համալսարանի տնօրէն Ճոզէֆ Քասթրօ, նշելով, որ առաջին անգամն ըլլալով, որ նման յուշարձան մը կը զետեղուի համալսարանին շրջափակէն ներս։
Իր կարգին, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան, դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի կեցուածքը։
Ապա, յուշարձանին բացումը կատարած են նշեալ խօսք առնողներն ու Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, որ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբի ատենապետն է։
Տեղի ունեցած են նաեւ տեսանիւթերու ցուցադրութիւն, իսկ արարողութեան հանդիսավարութիւնը կատարած են դատաւոր Չաք Փուչիկեան եւ համալսարանի փոխտնօրէններէն Տեպրա Ատիշեան Ասթոն։
Ներկայ եղած են շարք մը քաղաքական պաշտօնատարներ, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուէրինկընի, իսկ ձեռնարկէն առաջ, հայկական երաժշտութեամբ ելոյթ ունեցած է ուտի վարպետ Ռիչըրտ Յակոբեան, իր նուագախումբով։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.agcfresno.org կայքը կամ www.facebook.com/agcfresno կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.