
Լիբանանի մէջ լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբալեզու գիրք մը՝ «Քիսսաթ Արմէն» (Արմէնի պատմութիւնը) անունով: Գիրքի հեղինակն է Նաթալի Քէնտիրճեան:
«Գիրքը նախատեսուած է 10-12 տարեկան արաբախօս պատանիներու համար: Օրինակներ արդէն բաժնուած են Լիբանանի տարբեր արաբական դպրոցներու աշակերտներու», յայտնեց գիրքի հեղինակը:
Ան նշեց, թէ պատմութիւնը կը ծաւալի Արմէն անունով փոքրիկ տղու մը շուրջ, որ ծնած էր Վան ու կը վայելէր լաւ ընտանիքի մը բոլոր արժանիքները, սակայն, աքսորուելով կ՛անցնի Տէր Զօրի տառապալի ճանապարհներով, կը կորսնցնէ ամբողջ ընտանիքը՝ միշտ յուսալով, երազելով ու մանաւանդ յիշելով իր ընկերուհին՝ Թամարը:
Արմէն կը հասնի Լիբանանի Այնթուրա որբանոց, ուր կը մնայ երկար տարիներ, մինչեւ որ օր մը կը հանդիպի իր մանկութեան ընկերուհիին ու անոր հետ կը կազմէ իր ընտանիքը, նման Վանի մէջ ապրող իր ընտանիքին:
Ապրելով Պէյրութի մէջ, Արմէն կը նոյնանայ զինք ընդունած ժողովուրդին հետ՝ պահելով սակայն իր լեզուն, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, նախանձախնդիր ըլլալով Հայ Դատի արդար հատուցման:
Նաթալի Քէնտիրճեան նշեց, որ գիրքը կը նուիրէ իր մօր յիշատակին եւ բոլոր այն փոքրիկներուն, որոնք պատերազմի պատճառով կորսնցուցած են իրենց ամենապարզ իրաւունքները:
Նշենք, որ գիրքը նկարազարդած է Նանօր Հաճեան: