ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մահուան տեսակներու մասին չէ՛ մեր ակնարկութիւնը, ո՛չ ալ կանուխ կամ ուշ մահերու մասին, որովհետեւ միշտ ալ սրտի կսկիծ կ՛ունենայ մարդ, երբ մահուան երեւոյթին դիմաց կանգնի:
102 տարեկանին նոր մահացած ծնողի թաղմանական կարգը տնօրինող խօսակիցիս աչքերը լեցուն էին արցունքով, որ կը փաստէ, թէ մահը ի՛նք, «տարիք չունի»: Այսինքն՝ ինչ տարիքի մէջ ալ որ ըլլայ մարդ, միշտ կանուխ է մեռնելու համար:
Հիւանդութիւններէ ձերբազատուելու համար, ոմանք կ՛ըսեն թէ կը նախընտրեն մահը: Սակայն նման արտայայտութիւն լսողներ, ամբողջութեամբ չեն համոզուիր իրենց լսած խօսքին, միշտ յիշելով կեանքին քաղցրութիւնը, ապրումներուն արժէքը, յիշարժան պահերուն իմաստը, մինչեւ իսկ զիրենք սիրող անձերու նայուածքներուն քաղցրութիւնը: Նման յիշատակներ այնքան բարձր ոգեղէն արժէք կը ներկայացնեն, որ երբեմն ֆիզիքական ցաւերէն շատ աւելի ուժեղ կը հանդիսանան: Ուրեմն կեանքին իմաստը գրեթէ բոլորին ծանօթ է, բացի անոնցմէ, որոնք ծայրայեղ աստիճանի յուսահատական պահերու չտոկալով, վերջ կու տան անոր, սակայն միշտ բաց աչքերով նայելով կեանքին, չկարենալով յստակ համոզում գոյացնել իրենց կատարած արարքին մասին:
Այս գրութեան մէջ նման երեւոյթներու պիտի չանդրադառնանք, ո՛չ ալ ասպետական այն ոգիին, որով մարդ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գաղափարական վեհ իտէալներու նուիրել իր կեանքը, նահատակութեան գինով: Ընդհակառակը, սոյն գրութեան նպատակն է մարդկային նկարագիրի տխուր երեւոյթներէն մէկը լուսարձակի տակ բերել: Առիթէն օգտուելու երեւոյթն է այդ, որ անշուշտ երկիմաստ է: Անիկա ունի իր դրական եւ ժխտական իմաստները:
Առիթը, պահը, երբեմն վայրկեանը օգտագործել դրական իմաստով, բախտէ աւելի խելացութեան հետ կապուած խնդիր է: Սակայն, նոյնը կատարել ժխտական իմաստով, արդէն յանցագործութիւն է, որովհետեւ դարանակալ սպասուած սպանութեան համազօր է, երբ երբեմն ժամերով կը սպասեն մարդիկ, կարենալ զգետնելու համար իրենց հակառակորդը: Անկախ թէ այդ հակառակորդը իսկապէս վնասակար տարր է կամ անհաճոյ անձ, անոր կռնակէն հարուածելու արարքին համազօր է առիթը, պահը կամ երբեմն ճիշդ վայրկեանը օգտագործելը՝ հարուածելու անոր:
Նոյնը կարելի է ըսել իրենց ընկերները շահագործող մարդոց համար: Այս պարագային, եթէ զանոնք սպաննել չի՛ համարուիր անոնց կատարած արարքը, սակայն նուազ յանցանք ալ չէ այն, երբ բաց աչքով, արեւու լոյսին տակ մարդիկ կը շահագործեն իրենց ընկերները: Այս շահագործումը երբեմն նիւթական է, երբեմն՝ բարոյական, երբեմն՝ ժամանակի գողութիւն եւ երբեմն՝ համբաւի: Այսպէս, քեզ շահագործողը միայն քու դրամը չէ՛ որ կրնայ օգտագործել իր նպատակները իրականացնելու, այլ երբեմն քու ժամանակը գողնալով, իր ծրագիրները կ՛իրագործէ: Կամ հազար խարդաւանքներով մօտենալով քեզի, կը փորձէ վայելած դիրքդ ու համբաւդ իր վրայ ալ տարածել, նոյնիսկ ջանալով այդ «վերարկուն» ամբողջութեամբ իր վրայ տանիլ, մերկացնելով քեզ բնական «զգեստէդ»… Այս սնամիտները չեն անդրադառնար սակայն, թէ միայն ժամանակաւոր ծածկոյթ մը պիտի ըլլայ ատիկա իրենց համար: Միթէ՞ կարելի է սուր դանակը պահել կտաւէ պարկի մէջ… Ատիկա անպայման իր քիթը դուրս պիտի հանէ այնպէս, ինչպէս նման անձեր շուտով իրենց ինքնութիւնը կը յայտնեն շրջապատին, չկարենալով զայն ծածկել…
Հանդիպած ենք մարդոց, որոնք հազիւ իմացած թէ մէկը նոր բան գնած է, ո՛չ թէ կը ջանան երթալ եւ նոյնը գնել իրենց սեփական գումարով, այլ միեւնոյն անձին կը դիմեն՝ «հատ մըն ալ ինծի բեր» ըսելով: Ասոնց պարագային գումարի պակաս կամ աղքատութեան երեւոյթը չէ՛ այնքան խնդիրը, ինչքան որեւէ բան ձրի ձեռք ձգելու ցանկութիւնը: Իսկ եթէ յաջողին համոզել ենթական, որ «հատ մըն ալ» իրենց համար բերէ նոյնէն, անոր բացակայութեան կը սկսին ծիծաղիլ վրան, բոլորին պատմելով, թէ ինչպէ՞ս յաջողած են խաբել զայն եւ «հատ մըն ալ» իրենց համար բերել տալ՝ ձրիաբա՛ր:
Վերոյիշեալ ողբերգութիւնը, որ նոյնիսկ նիւթապէս բաւարարուած անձերու պարագային կը պատահի, առածի կարգ անցած է տարբեր լեզուներով արտայայտութեան մը մէջ, ուր կ՛ըսուի, թէ նման անձ մը եթէ գիտնար որ դագաղը ձրի է՝ երէկ գիշեր կը մեռնէր…
Մահը, որ կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջէն ամէնէն դժբախտն ու ցաւալին կը համարուի, վերոյիշեալ անձերուն համար ցանկալի ցոյց տալով, առածը կը ջանայ մարդկութեան միտքին առջեւ նկարել այդպիսի մարդոց ստոր նկարագիրը: Այսինքն, իր ագահութեան յագուրդ տալու համար, նման անձեր պատրաստ են մեռնելու՝ ձրի դագաղով թաղուելու համար…
_ Եթէ գիտնար, թէ դագաղը ձրի էր, երէկ գիշեր կը մեռնէր…
Արտայայտութիւնը ծայրայեղութիւն պիտի չհամարէք, եթէ ձեր միջավայրին մէջ յանկարծ յայտնաբերէք նման նկարագիրով անձ, (որոնց օրինակները երբեմն այնքան առատ են), որ կը ջանայ տզրուկի նման փակչիլ ձեր մորթին, կարելի օգուտը քաղելու համար, յարմար առիթին:
Աւելի հաստատելու համար վերեւը արտայայտուած գաղափարները, ըսենք, թէ ո՛չ տնտեսական տագնապները, ո՛չ նիւթական դժուարութիւնները ո՛չ գործի ձախորդութիւնները, եւ ոչ մէկ այլ դրամական նեղութիւն պատճառ կրնայ դառնալ նման նկարագիրի կազմաւորման: Ատոնք բոլորը երկրորդական մակարդակի վրայ կը յայտնուին նկարագիրով տոկուն մարդոց պարագային, որոնք իրենց յետին աստիճանի դժբախտութիւններուն մէջ անգամ իրենց իշխանական դիրքէն վար չեն իջներ: Նման որակաւոր մարդոց պարագային ո՛չ ոք կ՛իմանայ, թէ ինչպիսի դժուարութիւններու բովէն կ՛անցնին: Բացարձակ գաղտնապահութեամբ, համբերատարութեամբ ու անդուլ ջանքերով, անոնք կը յաջողին յաղթահարել դժուարութիւնները, միեւնոյն ժամանակ՝ առատաձեռն ու վեհ երեւնալով բոլորին:
Իսկ անոնք, որոնք «հատ մըն ալ ինծի»ի ռազմավարութեամբ կը կեղեքեն իրենց ընկերները, երբեք ալ հարուստ չեն դառնար, ինչքան ալ խորհին խնայած ըլլալ իրենց անպէտ գումարները:
Այդպիսիներուն համար ըսուած է, թէ իրենց մահուան ժամանակ զիրենք թաղողները պիտի ըսեն.
_ Ափսո՜ս, աղքատ ապրեցաւ, բայց հարուստ մահացաւ…
Դագաղին գինը վճարել ու այդպէս հրաժեշտ տալ այս կեանքին՝ նախընտրելի է, քան թէ իմանալ անոր ձրի ըլլալը, ու մէկ գիշեր առաջ, ձրի դագաղով թաղուելու սիրոյն մեռնիլ…