ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Երկուշաբթի, Ապրիլ 20ին, Սաքրամենթոյի մէջ իր գումարած յատուկ նիստին որդեգրեց թիւ ARJ 2 բանաձեւը, որ կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կոչ կ՛ընէ նախագահ Պարաք Օպամային, որպէսզի իր կարգին պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը նաեւ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր:
Խորհրդարանի նիստը բացուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի աղօթքով: Ան գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ առիթը ընծայած է Սաքրամենթոյի խորհրդարանին մէջ, ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն հետ միասին, ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակը՝ պատմական ոճիրին 100ամեակին առիթով: «Այն պահուն, երբ Թուրքիա եւ անոր կարգ մը դաշնակիցները կը շարունակեն պատմութիւնը ուրանալու ընթացքը, մենք շնորհակալ ենք, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր ժողովին նման մարմիններ կը վերահաստատեն պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը եւ ամէն տարի նոր արթնութիւն կը ներշնչեն հայութեան արդար դատին նկատմամբ», ըսաւ առաջնորդը, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրեց խորհրդարանի անդամներուն համար:
«Այսօր, երբ աղօթքով կը յիշենք Ցեղասպանութեան նահատակները, կ՛աղօթենք նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք նմանօրինակ վայրագութեանց զոհ են, յուսալով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ մարդիկ խաղաղութեամբ պիտի գոյակցին, իբրեւ քոյրեր եւ եղբայրներ, իբրեւ անդամները մարդկութեան նոյն ընտանիքին», շարունակեց սրբազանը, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ 100ամեակի այս հանգրուանին, համբերութիւն եւ կորով շնորհէ բոլորիս, որպէսզի կարենանք նահատակներուն աւանդը վառ պահել եւ հաւատարիմ մնալ անոնց ու արհաւիրքէն վերապրողներու կտակին, եւ տխուր պատմութիւնը չկրկնուի: Վերջապէս, ան Աստուծոյ օրհնութիւնն ու հովանին խնդրեց այս երկրի պետական, քաղաքական եւ ապահովութեան պատասխանատուներուն ու ժողովուրդին համար, որպէսզի երկիրն ու բնակչութիւնը մնայ խաղաղութեան մէջ:
Խօսք առին խորհրդարանի անդամներ: Ներկայացուեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուները եւ ներկայացուցիչները: Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէններու արտադրիչ հանգուցեալ Մայքըլ Յակոբեանի վերապրողներու վկայութիւնները ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնը, ստեղծելով յուզիչ մթնոլորտ:
Նոյն օրը, նահանգային Ծերակոյտը եւս միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Նշենք, որ սրբազանին կ՛ընկերանար Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան, իսկ նիստին ներկայ էին հայկական վարժարաններու աշակերտներ, ՀՄԸՄի սկաուտներ եւ աւելի քան 600 հայորդիներ:
Նիստէն ետք, խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեանի, Խաչօ Աշաճեանի եւ Սքաթ Ուիլքի հրաւէրով տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն եւ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.