ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 29 Ապրիլին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմզ Ուորլիքի, Փիեռ Անտրէնի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ: Նախարարը միջնորդներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանի կողմէ բարձրագոյն մակարդակով շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեան, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններուն, Հայաստանի հետ սահմանին վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութեան խախտումներուն եւ հետախուզական–ներթափանցման գործունէութեան վրայ:
«Տարօրինակ կերպով են Ադրբեջանի իշխանութիւններն արձագանգում հասարակութիւններին խաղաղութեան պատրաստելու համանախագահների կոչերին՝ համացանցում հրապարակելով իրենց իսկ կազմակերպած դիւերսիոն գործողութեան տեսագրութիւնը», նշած է նախարարը: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է, որ նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ եւ դրական է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.