ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային օրուան ընդառաջ, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան «Զբաղուածութեան պետական գործակալութիւն»ը Նալբանդեան-Հանրապետութեան փողոցներուն յարակից վերակառուցուած զբօսայգիի տարածքին կազմակերպած է աշխատանքի տօնավաճառ, որուն կը մասնակցին 70 գործատուներ՝ շուրջ 400 թափուր աշխատատեղով:
«Սա այս տարուայ առաջին տօնավաճառն է: Նախորդ տարիների տօնավաճառների արդիւնքները խօսում են նրա մասին, որ ծրագիրը կայացած է եւ զբաղուածութեան պետական կարգաւորման լաւագոյն ծրագրերի մէջ է մտնում», տօնավաճառին մասին խօսելով յայտնած է «Զբաղուածութեան պետական գործակալութեան» պետ Արտակ Մանգասարեան:
Ըստ Մանգասարեանի՝ առաջարկուող աշխատատեղերուն հիմնական մասը 3 ամիսներու ընթացքին ամբողջացած է
«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ աւելի շատ կայ միջին մասնագիտութիւններու պահանջք, արհեստագործական աշխատանք, բանուորական աշխատանք, սպասարկման ոլորտի աշխատանք, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ բարձրագոյն կրթութեամբ մասնագիտութիւններու պահանջք չկայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.