
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւան կը գտնուի բոլոր ժամանակներու նշանաւոր արուեստագէտներէն մէկուն՝ մեծն Արամ Խաչատրեանի որդին՝ Կարէն Խաչատրեանը:
16 Ապրիլին Կարէն Խաչատրեան այցելեց Պանթէոն, ծաղիկներ զետեղեց եւ խոնարհեցաւ մեծ հայուն ու վաստակաշատ երգահանին շիրիմին առջեւ, ապա զայն հիւրընկալեց ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանը:
Բացառիկ եւ յուզիչ էր այցելութեան նպատակը, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ պատմական. Կարէն Խաչատրեան Հայաստանի ոստիկանութեան նուիրեց մեծ երգահանի հեղինակած քայլերգը:
Ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեան երախտագիտութիւն յայտնեց թանկ պարգեւին համար՝ կարեւոր նկատելով քայլերգը ոստիկանութեան համար:
Ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Կարէն Խաչատրեան, որ Վլադիմիր Գասպարեանին յանձնեց ոստիկանութեան քայլերգի նոթաները:
Հանդիպման ընթացքին ոստիկանութեան պետին հրամանով Կարէն Խաչատրեան պարգեւատրուեցաւ «Համագործակցութեան ամրապնդման համար» մետալով:
Վլադիմիր Գասպարեանի այլ հրամանագիրով մը ոստիկանութեան զինանշանը կրող ժամացոյցով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական Արմէն Սմբատեան:
Հիւրերուն յանձնուեցան խորհրդանշական յուշանուէրներ: Իսկ հանդիսութեան աւարտին առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Արամ Խաչատրեանի «Ոստիկանութեան քայլերգը»: