«Հետաքրքրական է. արդեօք նախագահը 1915 թուականը բնորոշելու համար պիտի արտաբերէ՞ «ցեղասպանութիւն» բառը», հարց կու տայ «Զաման», աւելցնելով, որ Կաուք Գերմանիոյ առաջին նախագահն է, որ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին:
Կը նշուի նաեւ, որ վարչապետ Մերքել «գերզբաղուածութեան» պատճառով պիտի չմեկնի Թուրքիա, իսկ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յատուկ նիստ պիտի գումարուի:
Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի Գերմանիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Մայքըլ Ռոթ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.