
Վարչապետը բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական հաստատութիւններու, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման, ինչպէս նաեւ միացեալ տարբեր ծրագիրներու իրականացման ի խնդիր: Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան համար: Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր: Դեսպան Միլզ՝ կարեւոր նկատելով Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան խորացումը՝ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ, ենթակառոյցներու զարգացման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական արժէքներու զարգացման վերաբերող միացեալ ծրագիրներու իրականացումը։ Ան նաեւ դիտել տուած է, որ՝ պայմանաւորուած միջազգային տարբեր հիմնախնդիրներով, ամերիկեան կառավարութիւնը որոշում տուած է նուազեցնելու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց կարգին եւրոպական պետութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող որոշ ծրագիրներու ֆինանսաւորումը: Ռիչըրտ Միլզ ընդգծած է, որ ատիկա որեւէ ձեւով պայմանաւորուած չէ միացեալ ծրագիրներու արդիւնաւէտութեամբ կամ հայ-ամերիկեան ամուր յարաբերութիւններով, որոնք կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ:
Իր կարգին, Քարըն Հիլիըրտ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան համար կը շարունակէ գերակայ մնալ Հայաստանի կառավարման համակարգի, փոքր ու միջին առեւտուրի, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, փտածութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ համայնքներուն մէջ, որոնց կարգին՝ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացումը։ Ան հաստատած է, որ վերջինները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին վերաբերեալ: