Վարչապետը, ողջունելով հիւրը, գոհունակութիւն յայտնած է Եւրասիական զարգացման դրամատան հետ համագործակցութեան ընթացքէն եւ կարեւոր նկատած է կառոյցին աջակցութեամբ տարբեր ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Փանքին շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նշած, որ դրամատունը պատրաստակամ է քննարկելու Հայաստանի մէջ ներդրումային նախագիծերու իրագործման հեռանկարները:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Մասնաւորապէս, քննարկուած են ենթակառոյցներու զարգացման ու բարելաւման ոլորտին մէջ ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հետագայ գործակցութեան ուղղութիւնները:
Անկէ ետք վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ներկայութեամբ կառավարութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական զարգացման դրամատան միջեւ ստորագրուած է «Հիւսիս-հարաւ» աւտոճանապարհային միջանցքի շինարարութեան (տրանշ 4)» նախագիծի ֆինանսաւորման համար Եւրասիական տնտեսական ընկերակցութեան հակաճգնաժամային հիմնադրամի միջոցներէն ներդրումային վարկի տրամադրման մասին» համաձայնագիրը, որուն ծիրին մէջ Հայաստանին կը տրամադրուի 150 միլիոն տոլարին համարժէք վարկ: Փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի երթեւեկի եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան եւ Եւրասիական զարգացման դրամատան վարչութեան նախագահ Տմիթրի Փանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.