«Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներուն նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած է մօտ 2 ամիս առաջ՝ 18 Փետրուարին: 10 Ապրիլին Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարած էր Քննչական կոմիտէի միջնորդութիւնը «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներէն հինգը՝ Ժիրայր Սէֆիլեանը, Վարուժան Աւետիսեանը, Գարեգին Չուքասզեանը, Պաւել Մանուկեանը, Գէորգ Սաֆարեանը կալանաւորելու վերաբերեալ: «Հիմնադիր խորհրդարան»ի 6րդ անդամին՝ Արամ Յակոբեանի նկատմամբ կիրարկուած է խափանման այլընտրանքային միջոց՝ գրաւը:
Սէֆիլեանի եւ անոր ընկերներու շահերը պաշտպանող փաստաբաններու խումբը կալանաւորման հիմքերը իրաւական հիմնաւորումներէ զուրկ կը նկատէ: Փաստաբաններէն Լուսինէ Յակոբեան յիշեցուցած է 2006ի իրավիճակը, երբ Ժիրայր Սէֆիլեան կրկին կալանաւորուած էր եւ անոր նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած էր Քրէական օրէնսգիրքի երկու յօդուածներով՝ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած բռնութիւններ եւ կոչեր, ապօրինի զէնք:
Օրին 301 յօդուածով Ժիրայր Սէֆիլեան արդարացուեցաւ: «Ըստ էութեան, այս պահին մենք ունենք նմանատիպ իրավիճակ, երբ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամներից 5ին նոյնաբնոյթ մեղադրանք է առաջադրուել՝ զանգուածային անկարգութիւններ նախապատրաստել»:
Լուսինէ Յակոբեան համոզուած է, որ այս մեղադրանքը եւս դժուար պիտի ըլլայ պաշտպանել դատարանին մէջ: Ան չի բացառեր, որ մեղադրող կողմը որոշ կէտի մը հասնելով հրաժարի մեղադրանքէն, այլապէս անոնք պիտի դիմեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։ «Իսկ Սէֆիլեանին վերաբերող մէկ այդպիսի վճիռ Եւրոպական դատարանն արդէն կայացրել է: Դրա արդիւնքում Սէֆիլեանին վճարուել էր 6000 եուրօ՝ որպէս բարոյական վնասի փոխհատուցում», նշած է փաստաբանը:
Փաստաբանական խումբի այլ անդամի՝ Արա Զաքարեանի համաձայն. «Դատարան ներկայացուած քրէական գործում չկայ որեւէ նիւթ, որը ողջամտօրէն հիմք կը տար ասելու, որ Սէֆիլեանն ու իր ընկերները նախապատրաստական աշխատանքներ են կատարել զանգուածային անկարգութիւններ նախապատրաստելու համար»:
Աւելցնենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարան»ի կալանաւորուած անդամներու շահերու պաշտպանութեամբ զբաղող փաստաբաններու խումբը կը պատրաստուի բողոքարկել Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի այն որոշումները, որոնցմով «Հիմնադիր խորհրդարան»ի անդամները կալանաւորուած են: Փաստաբանները Վերաքննիչ դատարանէն մեծ ակնկալութիւններ չունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.