Թերթը լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ հետ կապուած երեք հարցեր, որոնք վնաս կը հասցնեն ՆԱԹՕի սկզբունքներուն. անոնք են.
– Ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին ոչ բաւարար մասնակցութիւնը.
– ՆԱԹՕի համակարգերուն չհամապատասխանող չինական հակահրթիռային համակարգեր գնելու մտադրութիւնը
– Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ քայլերուն վերաբերեալ բաւական յստակ դիրքորոշում չարտայայտելը:
Նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու երկրի կառավարութիւնը, որոնք ՆԱԹՕի հետ ամբողջական համագործակցութիւն չեն իրականացներ, բացայայտ կերպով դաշինքին սկզբունքներուն ու շահերուն հակասող դիրքորոշումներ որդեգրած են:
Թերթի քննադատութիւններէն զերծ չեն մնացած նաեւ վերջերս սերտացող ռուս-թրքական յարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ տարածքով ռուսական կազատար կառուցելու համաձայնութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.